ԵՐԵՒԱՆ․- Հինգշաբթի օր, «Արարատ-Արմէնիա», որ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լիւքսամպուրկի ներկայացուցիչ «Ֆոլա-Էսչ» խումբը, ապահովեց «Եուրոփա» ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. հանգրուանի իր տոմսը:
Հայաստանի ախոյեանը, Բ. հանգրուանի այս մրցումին մեկնարկը տրուելէն ի վեր, յստակ առաւելութիւն մը ունէր իր մրցակիցին վրայ: Շնորհիւ՝ Ճէյսըն Մարթինեզի նշանակած կօլին (17րդ վայրկեանին), հայրենի կազմը յառաջացաւ 1-0 արդիւնքով: Երկու վայրկեան ետք սակայն, հիւր կազմը հաւասարեցուց արդիւնքը: Ա. կիսախաղին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, հայկական կազմէն Ալեքս Ժունիոր կարմիր քարտ ստացաւ:
Բ. կիսախաղին հիւր կազմը թէեւ նշանակեց երկու կօլեր (մէկը փենալթիով), սակայն «Արարատ-Արմէնիա» իր կարգին նշանակելով երկու կօլեր (երկուքն ալ փենալթիով), շնորհիւ՝ Մէյլսոն Լիմայի (90րդ եւ 92րդ), հաւասարեցուց արդիւնքը:
Յետ երկարաձգման, շնորհիւ Սարգիս Շահինեանի փոխանցումին, Սերկէյ Վաքուլենքօ նշանակեց վճռական կօլը (113րդ) եւ «Արարատ-Արմէնիա»ն 4-3 յաղթանակ մը կերտեց։
Նշենք, որ նախքան երկարաձգումը, հիւր կազմին մէկ մարզիկը եւս կարմիր քարտ ստացաւ՝ 90րդ վայրկեանին: