ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 18 Սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ ընդհանուր քարտուղար Վահագն Մելիքեանի գլխաւորութեամբ։ Այս մասին յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Հանդիպման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, քննարկուեցաւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց գործընկեր կառոյցներուն սերտ եւ համակարգուած աշխատանքը՝ ընդգծելով ընդհանուր մարտահրաւէրներու դիմակայման գործին մէջ միասնական եւ ներդաշնակ արտաքին քաղաքականութեան իրականացման անհրաժեշտութիւնը։
Իր կարգին, Վահագն Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար՝ յայտնելով, որ Արցախի գործընկերներուն հետ գործող ձեւաչափով կազմակերպուող հանդիպումները եւ քննարկումները պիտի նպաստեն հայկական երկու հանրապետութիւններուն արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններուն միջեւ փորձառութեան փոխանակման եւ համագործակցութեան ամրապնդման։