ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Թէլ Աւիւի մէջ կատարուեցաւ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանատան պաշտօնական բացումը:
«Իսրայէլ Նիուզ» կայքը յայտնեց, որ դեսպանատան բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան «Եւրասիա-2» բաժանմունքի ղեկավար Իցհաք Քարմել Կաքան:
Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան իր խօսքին մէջ խորհրդանշական նկատեց այն հանգամանքը, որ դեսպանատունը աշխատանքի կը սկսի հրէական օրացոյցով Նոր տարուան տօնին ընդառաջ: Օգտուելով առիթէն՝ ան շնորհաւորեց Իսրայէլի բոլոր քաղաքացիները Ռոշ Հաշանայի առիթով՝ Իսրայէլին մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում, իսկ երկրի բնակիչներուն՝ առողջութիւն եւ յաջողութիւններ:
Իցհաք ՔարմելԿաքան իր կարգին Իսրայէլի անունով ողջունեց Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացումը՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը կարեւոր գործընթաց է, իսկ բաց եւ կառուցողական երկխօսութեան կայացումը առիթ կու տայ պագային լուծելու որեւէ հարց: