20 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ,. Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակի յուշակոթողին առջեւ կատարուած Հանրապետական մաղթանքին։
Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ դեսպանատան աշխատակազմը, ինչպէս նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու հաւատացեալ ժողովուրդ։
Պատարագի աւարտին, կաթողիկոսը հայրապետական թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 2018ին կառուցուած անկախութեան յուշակոթողը, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29ամեակին առիթով Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն՝ ձեռամբ վեհափառին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն մէջ եւս Հանրապետական մաղթանք տեղի ունեցաւ։