ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ»․- Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի յայտնեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգները պարտութեան մատնուեցաւ եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ ժխտական հակազդեցութեան արժանացաւ:
Ռոհանի յայտարարեց, որ Իրան զգետնող պատասխանով պիտի հակադարձէ ամերիկեան խուլիկանութեան` նշելով, թէ Միացեալ Նահանգները հասած է ձախողութեան կէտին եւ տարբեր երկիրներու դէմ իր վնասակար վերաբերումին ու խուլիկանական քաղաքականութեան հետեւանքները պիտի կրէ:
Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է հիւլէական համաձայնութեան ծիրին մէջ իր յանձնառութիւններուն վերադառնալու, եթէ համաձայնութիւնը ստորագրած երկիրները անոր յանձնառու դառնան:
«Պատժամիջոցներու գործադրութեան որեւէ գործնական քայլ խիստ պատասխանի պիտի արժանանայ, եւ Ամերիկայի կողմէ տիրակալութիւն պարտադրելու ջանքերուն առջեւ պիտի չընկրկինք», նշեց Ռոհանի՝ ակնարկելով պատժամիջոցները միակողմանի կերպով վերահաստատելու ամերիկեան քայլին։