Շաբաթ առաւօտուն, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք․ Չարեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին շնորհաւորելու սրբազանը, երկրորդ քառամեակի մը համար թեմակալ առաջնորդ վերընտրութեան առթիւ։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին կ՛ընկերանար Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, իսկ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Մհեր Գարագաշեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Համբիկ Գարայեանի։
Հանդիպումը առիթ եղաւ քննարկելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան ծիրին մէջ տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կրթութեան ոլորտին մէջ վերջին զարգացումները։
Առաջնորդը գնահատեց ՀՅԴի բոլոր աշխատանքները եւ ջանքերը, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ։ Ան վեր առաւ միասնութեան, գործակցութեան եւ արդիւնաւոր գործի հրամայականները՝ նշելով, որ ՀՅԴի բեռը ծանր է, բայց վաստակն ու փորձառութիւնը լայնածաւալ եւ բազմաբեւեռ։