ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Հայաստանի անկախութեան 29րդ տարեդարձին առիթով յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ ան գրած է հետեւեալը․ «Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, անկախ դատական համակարգի ստեղծման եւ տնտեսական, ներդրումային հնարաւորութիւնները ընդարձակելու հարցով Հայաստանի շարունակական յանձնառութիւնը: Ամերիկա կ՛ողջունէ նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի շարունակական ջանքերը՝ թափանցիկութեան, պատշաճ ընթացակարգերու եւ քաղաքացիներու առջեւ պատասխանատուութեան բարձրացման միջոցով, եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին այս ջանքերուն մէջ: Մենք նաեւ հաւատարիմ կը մնանք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգնելու հարցին եւ կողմերը կը հորդորենք կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու առարկայական բանակցութիւնները Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.