ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւններուն, որ անդամալուծող պատժամիջոցներ հաստատէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Ալիեւի եւ Էրտողանի, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուրական ղեկավարներու դէմ, Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն քաղաքացինրուն դէմ անոնց իրականացուցած պատերազմական ոճիրներուն համար։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան յիշեցուց, որ ՄԱԿը պատերազմական ոճիր կը նկատէ քաղաքացիական թիրախներու վրայ ռազմական յարձակումները, որոնց նմանները 27 Սեպտեմբերէն ի վեր կը գործադրուին Ատրպէյճանի կողմէ, աջակցութեամբ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։
Պատժամիջոցներու պահանջով վարչակազմին եւ Քոնկրեսին նամակներ յղելու համար այցելել www.anca.org/alert կայքէջը։