Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Արցախի վրայ 27 Սեպտեմբերի առաւօտուն սկիզբ առած լայնածիր յարձակումը ամէն օր աշխարհին նոր ահազանգ մը կու տայ՝ թէ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐԻ եւ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ինչպիսի բազմաբղէտ կիրարկում տեղի կ’ունենայ:
Հինգշաբթի, 8 ՀոկտեմբերիՆ ամէնէն աղաղակող – բայց ո՛չ միակ – ահազանգն էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը: Այս եկեղեցին Շուշիի աչքառու խորհրդանիշներէն մէկն է: Առաջին անգամը չէ, որ անիկա նման ոտնակոխումի կ’ենթարկուի Արցախեան Պատերազմի «դարաշրջան»ին: Ո՛չ ոք մոռցած է, թէ բազմադարեան ճարտարապետական այս հրաշալիքը, Շուշիի ազատագրման նախօրեակին, վերածուած էր ազերիական զինապահեստանոցի մը, դարձած էր կիսափուլ, նման Ատրպէյճանի «խնամքը» վայելող հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու, նաեւ… ժողովուրդին: (Թուրքիոյ մէջ հայկական նման կոթողներ քանդուած, թողլքուած, լաւագոյն պարագային մթերանոցի, ախորի կամ… մզկիթի ու թանգարանի վերածուած են):
Մշակութային եւ կրօնական խորհրդանիշի մը արժէքը ունեցող եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը աւելի եւս կը զօրացնէ, պէ՛տք է զօրացնէ այն լուսարձակները, որոնք կը ծառայեն քաղաքակիրթ աշխարհին ցուցահանելու՝ քաղաքային եւ մշակութային կառոյցներ ռմբակոծելու թուրք-ազերիական ոճիրները:
***
Շուշիի եկեղեցւոյ ռմբակոծումը միայն մէկ ապացոյցն է Ատրպէյճանի դիտաւորութիւններուն: Ի տես այս փաստին, կա՞ն միամիտ-մանկամիտներ, որոնք կը մտածեն, թէ Արցախի տագնապին լուծումը պէտք է հետապնդել՝ պատմականօրէն հայապատկան այս շրջանը Ատրպէյճանին վերադարձնելով ու ազերիական կողմին կարծիքը հայցելով: Ի՞նչ ճակատագիր կրնայ սպասել արցախցին, բացի ջարդէ եւ բռնագաղթէ, նման կոթողներու վերջնական փճացումէն…
***
Շուշիի եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը կարելի չէ դիտել միայն նորագոյն պատերազմի հոլովոյթին նեղ սահմաններուն մէջ: Ամէնէն մակերեսային մօտեցումն անգամ ի յայտ կը բերէ, թէ սա միայն մէկ օղակն է հայկական հետքեր ու ներկայութիւն վերցնելու նոր-օսմանական ծրագիրին, որուն մէջ ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷՍ յանցաւոր են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Պէտք է վերջ տալ յանկերգին, թէ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ ձեռքին գործիք է, անոր կամակատարը: Պետական ահաբեկչութեան պատասխանատուութիւնը նո՛յն ծանրութեամբ կ’իյնայ անոնց ուսերուն:
Նախընթաց օղակները գաղտնիք չեն, ատենին գտած են միջազգային համապատասխան արձագանգներ: Շղթային մաս կը կազմեն (մնալով լոկ մշակութային կոթողներու ծիրին մէջ) Նոր Ջուղայի խաչքարերուն փճացումը, Աղթամարի եւ Տիգրանակերտի եկեղեցիներուն ոդիսականները, Քեսապի ու Հալէպի հայկական եկեղեցիները, Տէր Զօրի մէջ Ցեղասպանութեան յուշակոթող-մատուռին քանդումը (Սուրիոյ պետութիւնը օրին աջակցեցաւ այդ կոթողին կառուցման, իսկ Թուրքիոյ վարձկան ահաբեկիչները, Արցախ «ուղեւորուելէ» տարիներ առաջ, ռմբահարեցին ու կործանեցին այդ խորհրդանիշը), Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցւոյ կողքի մշակութային կեդրոնը, եւրոպական քաղաքներու մէջ հայկական կոթողներու պղծումն ու քանդումի փորձերը…: Կարելի է այս «հերոսութիւններուն» քովն ի վեր արձանագրել Այա Սոֆիայի եւ այլ աղօթատեղիներու իւրացումը:
Այս նշումներով՝ ըսել չենք ուզեր, թէ թուրք-ազերիական պետական ոճիրները պէտք է դիտել իսլամ-քրիստոնեայ հակադրութեան ակնոցով: Փաստօրէն, Թուրքիոյ հովանին եւ աջակցութիւնը վայելող ոճրածին խմբակներ, որոնք իրենց զիրենք կը կոչեն «իսլամական», նոյնպիսի «խանդավառութիւն» ցոյց տուին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, երբ ականահարեցին եւ քանդեցին իսլամական պատմական մզկիթներ: Արաբական եւ իսլամական աշխարհները իրազեկ են այս բոլորին:
***
Հայը եւ մասնաւորաբար արցախցին նորագոյն, բայց ո՛չ աննախընթաց ահազանգ մը կը հնչեցնեն այսօր, ցոյց տալու համար, թէ թրքական կայսրութեան վերականգնումի փորձերը, համաթուրանականութիւնը ինչպիսի՛ «բարիքներ» կը խոստանայ աշխարհին, նոյնինքն ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ ՄՇԱԿՈՅԹին: «Ահաբեկչութիւնը պէտք է միացեալ ուժերով դիմագրաւենք» հրաւէրը միայն նշանախօսք չէ, այլ կը բխի դաժան իրականութիւններէ: Թիրախը միայն Հայը, Հայաստանը եւ Արցախը չեն:
Հայ Եկեղեցին բողոքի ձայն բարձրացուց Շուշիի եկեղեցւոյ ռմբահարումին ի տես: Մեր Եկեղեցին անդամ է թէ՛ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին: Աւելի՛ն, Հայ եկեղեցին սերտ կապեր ունի իսլամական տարբեր համայնքներու-յարանուանութիւններու հետ: Այս բոլորը չեն եղած, որպէսզի մնան ժողովականութեան եւ ձեւական գործակցութեան շրջագիծին մէջ, այլ արդար իրաւունքը ունինք սպասելու, որ գործակցական կապերը այսօ՛ր իսկ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ արտայայտութիւն գտնեն թուրք-ազերի ոճիրներու դատապարտումին մէջ:
***
Մեր արդար իրաւունքն է պահանջել, որ Շուշիի եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը վերջնականապէս փարատէ այն մշուշը, որուն ետին ապաստանած՝ Թուրքիան դարպասողները կը շարունակեն «հաւասար հեռաւորութիւն» խաղալ հայկական եւ թուրք-ազերիական կողմերուն՝ զոհին եւ ոճրագործին միջեւ: 27 Սեպտեմբերէն ասդին հսկայական փաստ ու թղթածրար կուտակուած է նախայարձակներուն ոճիրներուն մասին. այս «լեռը» չի նսեմացներ նախընթացները, այլ նոր հնչեղութիւն կու տայ մեր իրաւունքներուն:
Չենք անտեսեր, որ անհատ պետութիւններ եւ որոշ խմբակցութիւններ, եկեղեցիներ մտահոգութեան եւ դատապարտանքի արտայայտութիւններով արձագանգեցին ոճիրներուն: Սպասուածը անկէ անդին է:
…Հայ զինուորն ու արցախցիք ամուր կանգնած են Արցախի սահմանին եւ հողին: Քաղաքակրթութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանները անգամ մը եւս կը կանգնին լուրջ փորձաքարի դիմաց, կոչուած են խօսքէն անցնելու գործի, կասեցնելու համար ոճրածին պետութիւններուն եւ անոնց ահաբեկիչ վարձկաններուն քանդումները:
Պիտի յաջորդէ հատուցման՝ ամէնէն լիարժէք եւ լայնածի՛ր հատուցման փուլը: