ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Թուրքևատրպէյճանական ոխերիմ ֆաշիզմի թիրախ դարձած Ստեփանակերտը, բոլոր մահասփիւռ ռումբերուն եւ աւերածութիւններուն դէմ յանդիման, հերոսաբար կը գոռայ աշխարհի երեսն ի վեր՝ ԿԵՆԴԱՆԻ ԵՄ… ԿԵՆԴԱՆԻ ԵՄ, ԻՆՉՊԷՍ ԴԱՒԻԹԸ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՄ ԻՄ ՀԵՐԹԻՆ…
Եւ անպայման պիտի գայ այդ հերթը: Թշնամին պիտի չարաչար պարտուի հայկական ուժերու հարուածներուն տակ: Բայց չմոռնա՛նք: Թուրքևատրպէյճանական ֆաշիզմի ուժերը Ստեփանակերտի մէջ պատերազմ կը մղեն ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ: Ստեփանակերտի ճակատը աշխարհակարգի խախտած հաւասարակշռութեան ռազմաճակատն է այսօր: Եւ հետեւաբար ամէն մարդ, որ կը փորձէ տէր կանգնիլ իր կեանքի եւ գոյքի ապահովութեան այս քաոսային տարածաշրջանին մէջ, իր կեանքով եւ իր զաւակներու ապագայով պարտական է Ստեփանակերտին։
Ապահովել Ստեփանակերտի եւ հայութեան յաղթանակը այս կենաց մահու կռիւին մէջ պէտք է ըլլայ ամբողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան խնդիրը այսօր: Վերականգնել Ստեփանակերտը եւ Արցախի ու Հայաստանի աւերեալ բնակավայրերը համաշխարհային անյետաձգելի պարտաւորութիւն մըն է, որ անյապաղ գործի պէտք է վերածուի:
Մինչ այդ մենք՝ ինքնե՛րս պիտի լծուինք գործի: Մեր երկու պետութեանց խորհրդարանները, նոյն օրը գումարուած արտահերթ նիստով, պէտք է այժմէն իսկ որոշում ընդունին, որ Ստեփանակերտը եւ հայոց հայրենիքի բոլոր աւերեալ բնակավայրերը պիտի վերակառուցուին բացառիկ շքեղութեամբ: ԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ՊԻՏԻ ՀՌՉԱԿՈՒԻ ԱԶԳԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ…
Նոյնքան կարեւոր դերակատարութիւն մը վերապահուած է մեր համաշխարհային Սփիւռքին: Արցախի դատի համաշխարհայնացման գործընթացին տէր կանգնելու եւ աշխարհի մայրաքաղաքներուն մէջ թուրքևատրպէյճանական դիւանագիտական նախայարձակումը փշրելու պարտականութիւնը մերն է:
Կովկասեան տարածաշրջանը չի կրնար հանգիստ շնչել, որքան ատեն որ կը գործէ թուրքևատրպէյճանական փանթուրքիզմի չարաշուք քաղաքականութիւնը եւ տարածաշրջանը կը վերածէ ճիհատիստ ծայրայեղականութեան գործադաշտի: Եւ բնականաբար այս պայմաններուն մէջ հանգիստ չեն կրնար շնչել Հայաստանն ու Արցախը: Չեն կրնար շնչել Իրանն ու Վրաստանը: Եւ երբեք հանգիստ չի կրնար շնչել Ռուսաստանը՝ ի՛նք…Պիղատոսական կրաւորականութիւններու ժամանակը չէ: Հայկական ուժը առանձինն չի կրնար վերջնական լուծում բերել այս հարցին: Այս սպառնալիքը կը կարօտի վերջնական գրոհի եւ վերջնական լուծարքի եւ բոլորին լիարժէք յանձնառութեամբ…