ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր»․- 21 Հոկտեմբերին, Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի հայ համայնքը ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական խորհրդարանի գրասենեակներուն առջեւ ինքնաշարժներով երթ կատարեց՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան եւ դատապարտելով թրքական-ատրպէյճանական յարձակումները։
Արշաւին մասնակցեցան նաեւ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ Հոլանտայէն ժամանած հայեր։