ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) բացայայտեց եւ կանխեց Արցախի Հանրապետութենէն դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն անօրէն ուղիով զէնք-զինամթերք տեղափոխելու շարք մը դէպքեր:
Հայաստանի ԱԱԾի մամլոյ կեդրոնէն յայտնեցին, որ կարգ մը պարագաներու ներգրաւուած եղած են նաեւ քրէական ենթամշակոյթ ունեցող անձեր, որոնք նման քայլերու ձեռնարկած են ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող կարգ մը անձերու միջոցով:
«Կրկին ընդգծելով այս վճռորոշ ժամանակահատուածում հակաօրինական իւրաքանչիւր արարքի անթոյլատրելիութիւնը` ամենայն խստութեամբ զգուշացնում ենք զերծ մնալ նմանատիպ գործողութիւնների իրականացումից, որոնք կարող են ուղղակիօրէն վնասել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիների անվտանգութեանը: Միաժամանակ տեղեկացնում ենք, որ նմանատիպ բոլոր երեւոյթները գտնւում են ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան շուրջօրեայ հսկողութեան ներքոյ եւ ունենալու են իրենց համարժէք իրաւական գնահատականը` ամենակոշտ գործիքակազմի կիրառմամբ», հաղորդեց ԱԱԾի մամլոյ կեդրոնը: