ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին Բերձորի ուղղութեամբ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները յաջողեցան դիրքային որոշ բարելաւումներ իրականացնել: 28 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ըստ անոր՝ 28 Հոկտեմբերին, ամբողջ օրը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, ինչպէս նաեւ անոնց աջակցող ահաբեկչական խմբաւորումները եւ յատուկ նշանակութեան տարբեր ջոկատները շարունակեցին իրենց յարձակողական տարաբնոյթ գործողութիւնները Հայաստանի սահմանի երկայնքով տեղակայուած ստորաբաժանումներուն ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Արցախի հիւսիսէն մինչեւ հարաւային ուղղութիւն: Բերձորի ուղղութեամբ եւ հարաւային հատուածին մէջ որոշ ոչ-լայնածաւալ մարտական գործողութիւններ կատարուեցան: Հակառակորդը չյաջողեցաւ յառաջանալ դէպի Բերձորի ուղղութիւն, հակառակ անոր գործադրած ջանքերուն։ Այս ուղղութեամբ հայկական բանակի ստորաբաժանումները կրցան դիրքային որոշ բարելաւումներ իրականացնել:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ հիւսիսային ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ հիմնականին մէջ արձակուեցաւ հրետանային կրակ, մասնաւորապէս Մարտակերտ եւ աւելի հիւսիս գտնուող ստորաբաժանումներուն ուղղութեամբ:
«Մարտական գործողութիւնները շարունակուել են նաեւ հարաւային ուղղութեամբ: Շարունակուել են նաեւ նախորդիւ նշուած գիւղերի ուղղութեամբ դիւերսիոն (ներթափանցման-Խմբ.) խմբերի չէզոքացման աշխատանքները: Այդ աշխատանքները կրում են օճախային, դանդաղ, ոչ-ինտենսիւ (ոչ-սաստիկ-Խմբ.), սակայն յամառ բնոյթ», յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Ըստ անոր՝ սահմանագիծի կարգ մը ուղղութիւններու վերահսկողութիւնը Ատրպէյճանը, կարծես թէ, յանձնած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Ան այս երեւոյթը յանձնեց ո՛չ միայն Ատրպէյճանի ուշադրութեան, որ այս արարքը համապատասխան կորուստներ եւ հետեւանքներ պիտի ունենայ, այլ նաեւ տարածաշրջանի պետութիւններուն։