ԷՆՍԻՆՕ.- Ս. Նահատակաց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ օծման 57րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 1 Նոյմեբերին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ, պիտի կատարուի Ս. պատարագ եւ մատաղօրհնէք։
Պատարագին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ պիտի պատարագէ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան։
Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ գործած նուիրեալներու յիշատակին, ապա մատաղօրհնէք պիտի կատարուի Արցախի մէջ զոհուած հայ զինուորներուն յիշատակին, պատրաստուած Տիկնանց միութեան կողմէ։