ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստսնի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հինգշաբթի օր հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին քննարկեցին Արցախի իրավիճակը եւ ընդգծեցին հակամարտութեան դիւանագիտական կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Թրուտօ նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի ժողովուրդին՝ վերջին ահաբեկչութիւններուն եւ բռնութիւններուն վերաբերեալ՝ շեշտելով ահաբեկչութեան եւ բռնի ծայրայեղականութեան դէմ համակարգուած պայքարին կարեւորութիւնը: