ԹՐԱՄՓԻ ՔԱՅԼԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԻՆ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 5էն 6 Նոյեմբեր լուսցող գիշերուան ընթացքին, 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքը աւելիով յստակացաւ, երբ Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, շնորհիւ գլխաւորաբար նամակատան միջոցաւ ստացուած քուէներուն՝ առաջ անցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփէն Փենսիլվենիոյ եւ Ճորճիայի մէջ, սակայն տարբերութիւնը բաւարար չէ զայն յաղթական հռչակելու համար։
Ըստ «Էյ.Փի.»ի հաշուարկներուն՝ Պայտըն ցարդ ապահոված է 264 ընտրական պատուիրակներ, իսկ Թրամփ՝ 214:
20 պատուիրակներ ունեցող Փենսիլվենիոյ մէջ յաղթանակ ապահովելու պարագային, Պայտըն պիտի ընտրուի 46րդ նախագահը, ապահոված ըլլալով 270էն աւելի ընտրական պատուիրակներ։
Ճորճիկայի մէջ քուէները այնքան մօտ են, որ նահանգը արդէն իսկ որոշեց վերահաշուարկի դիմել, սակայն Պայտըն առաւելութիւններ ունի նաեւ 6 պատուիրակ ունեցող Նեւատայի մէջ, որ զինք կրնայ հասցնել 270ի սահմանը։
Ցարդ Թրամփ ոչ մէկ նշան տուած է, որ նախագահի վայելուչ կերպով պիտի ընդունի Պայտընի յաղթանակը եւ կը շարունակէ պնդել, թէ օրէնքներ խախտուած են, առանց շօշափելի փաստեր ներկայացնելու, ըստ իր սովորութեան։
Նկատի ունենալով, որ դեմոկրատներ մեծ մասամբ նամակատան միջոցաւ քուէարկած էին եւ այդ քուէաթերթիկները աւելի ուշ սկսան հաշուըւիլ, նշեալ նահանգներուն մէջ Թրամփի ապահոված առաւելութիւնը շոգիանալու սկսաւ Չորեքաշբթի օր, երբ Արիզնոյի, Միշիկընի եւ Ուիսքանսընի մէջ Պայտըն յաղթական հռչակուեցաւ։
Ժողովուրդը ընտրութիւններուն արդիւնքէն աւելի մտահոգ է անոր յայտարարութենէն ետք ստեղծուելիք կացութեամբ: Ամերիկացիք քաղաքացիական բախումներու մղձաւանջը կ՛ապրին:
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿի միջազգային դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մայքըլ Լինկ «իշխանութիւնը կոպիտ կերպով չարաշահելու» յանցանքով մեղադրեց նախագահ Թրամփը՝ անընդունելի որակելով հաշուարկը դադրեցնելու վերջինիս յայտարարութիւնները: «Թրամփի շարունակական պնդումները, թէ ընտրութիւնները կեղծուած են, եւ դեմոկրատները կը փորձեն իրմէ խլել յաղթանակը, անհիմն են», ըսաւ ան:
Կարգ մը հանրապետական ղեկավարներ եւ բազմաթիւ դեմոկրատներ եւս դատապարտեցին Թրամփի հակաժողովրվադարական քայլերը։