ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զինադադարի դրութեան վերահսկման նպատակով Արցախ գտնուող Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) առաքելութեան նախաձեռնութեամբ ու Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան գործուն մասնակցութեամբ 13 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորական ծառայողներու մարմիններու փոխանակում:
Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն յայտնեցին, որ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն զօր. Կարէն Սարգսեան երկու կողմին համար կարեւոր նկատեց այդ առաքելութիւնը՝ ընդգծելով, որ ծառայութիւնը պատրաստ է մարդասիրական նպատակներով որեւէ աշխատանքի:
Օրուան երկրորդ կիսուն, փրկարարական քանի մը ջոկատներ իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերին դիերու որոնման եւ փոխանակման գործին:
Փրկարարներու մարդասիրական աշխատանքը տեղւոյն վրայ համակարգեց Կարէն Սարգսեան` համագործակցելով Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ ԿԽՄԿ առաքելութեան պատասխանատուներուն հետ: