ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Russia Today կայանին հետ Ուրբաթ կատարած հարցազրոյցին ընթացքին, Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, թէ նախագահ Վլադիմիր Փութին առանցքային դեր ունեցաւ Արցախի մէջ զինադադրին գծով եռակողմանի համաձայնութիւն կայացնելու գծով:
Ան նաեւ «անարդար» որակեց Արցախի վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշման քննադատութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ այն պնդումը, որ «Ռուսիա դաւաճանեց Հայաստանին»:
«Քննադատութիւնը, թէ Ռուսիա բաւարար չափով չէ աջակցած Հայաստանին, բացարձակօրէն անհիմն է: Եթէ ոեւէ մէկը յարձակէր Հայաստանի վրայ, Ռուսիա ամէն ինչ պիտի ընէր դաշնակիցին պաշտպանելու համար», պնդեց ան: