ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իտալիոյ Փիզա քաղաքը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, կը տեղեկացնէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
Կը նշուի, որ Փիզայի քաղաքային խորհուրդը խստօրէն դատապարտեց Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը, համերաշխութիւն արտայայտեց հայ ժողովուրդին եւ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն նկատմամբ: