ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսա պատրաստ է իր փորձառութիւնը ներդրելու եւ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու Արցախի եւ անոր շրջակայքի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան գործին մէջ: Այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
«Ֆրանսա ԵՈՒՆԵՍՔՕի ծիրին մէջ եւ Տագնապներու մէջ ժառանգութեան պաշտպանութեան դաշինքին հետ պատրաստ է ներդրելու իր փորձառութիւնը եւ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շրջակայքի մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան գործին մէջ», գրած է Ֆրանսայի նախագահը՝ աւելցնելով.
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զէնքերը լռեցին: Մենք այժմ կ՛աշխատինք ժառանգութեան եւ մշակութային զինադադարի շուրջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Մինսկի խմբակի մեր գործընկերներուն հետ միասին պահպանելու եւ վերականգնելու ամբողջ շրջանի բազմազանութեան եւ հարստութեան գանձերը»: