ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսա կը փափաքի, որ Արցախի մէջ զինադադարի դրութեան պահպանման համար միջազգային վերահսկողութիւն հաստատուի, որովհետեւ Փարիզ կը զգուշանայ արեւմտեան պետութիւնները խաղէն դուրս բերելու վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հաւանական ջանքերէն:
Զինադադարէն ետք, Ռուսիա բանակցութիւններ վարած էր Ատրպէյճանի գլխաւոր դաշնակիցին՝ Թուրքիոյ հետ, որ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի գործունէութեան գլխաւոր քննադատներէն մէկն է. այդ բանակցութիւնները կրնան յանգեցնել Անգարայի կողմէ շրջանին մէջ զօրքերու տեղակայման:
«Մարտական գործողութիւններու աւարտը պէտք է արտօնէ բարեխիղճ բանակցութիւններու վերսկսումը, վերջին շաբաթներուն իրենց տուներէն հեռացած Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու վերադարձը՝ լաւ պայմաններով», յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի գրասենեակը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ նախագահին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն ետք:
Ֆրանսայի մէջ կը բնակին 400,000էն մինչեւ 600,000 հայեր: Մաքրոն զգուշութիւն ցուցաբերած էր տագնապի կողմին աջակցելու հարցին մէջ, եւ իր երկրին մէջ քննադատուեցաւ Երեւանին բաւարար չափով չօգնելուն համար:
«Կ՛ուզենք, որ Մինսկի խմբակը իր դերը խաղայ հսկողութիւն հաստատելու հարցին մէջ (զինադադարի դրութեան նկատմամբ)», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ֆրանսայի նախագահին բանբերը:
Փարիզ կը պնդէ միջազգային վերահսկողութիւն հաստատել զինադադարի դրութեան վրայ, որպէսզի արտօնուի գաղթականներու վերադարձը, Արցախէն օտար զինեալներու, յատկապէս Սուրիայէն եկածներու ետդարձը, եւ կարելի ըլլայ բանակցութիւններ սկսիլ Արցախի կարգավիճակին շուրջ:
«Կը հասկնանք, որ ռուսերը թուրքերուն հետ կը խօսին հաւանական բանաձեւին շուրջ, զոր մենք չենք ուզեր, որ կրկնէ Ասթանան (Սուրիոյ տագնապին սկսած Ասթանայի հոլովոյթը)՝ այս զգայուն շրջանին մէջ իրենց դերերը բաժնելու համար: Մենք չենք կրնար մէկ կողմէ Մինսկ ունենալ, իսկ միւս կողմէ՝ Ասթանա: Ռուսերը վերջապէս պէտք է ընտրութիւն կատարեն», ըսաւ նախագահին բանբերը:
Ասթանայի հոլովոյթը Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտօնած էր սուրիական տագնապը լուծելու իրաւասութիւնը խլելու, շրջանցելով արեւմտեան պետութիւնները: Նշենք, որ Ասթանայի հոլովոյթին մաս կը կազմէ նաեւ Իրան: