ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» նախաձեռնութեան բազմամարդ հանրահաւաքը, որուն նախաձեռնած էին խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, որոնք կը պահանջեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
Ըստ ՀՅԴ մամլոյ գրասենեակին՝ ցոյցին մասնակցեցան շուրջ 30,000 անձեր։

ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան իր բացման խօսին մէջ յայտնեց, որ հրապարակը հաւաքուած են հազարաւոր մարդիկ, իսկ միտքով ու հոգիով ներկայ են նաեւ տասնեակ, հարիւր-հազարաւորներ՝ Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ, Սփիւռքի բոլոր գաղութներէն մինչեւ Ջաւախք: «Այս հաւաքը ինչ-որ մէկին իշխանութիւնից հեռացնելու եւ մէկ ուրիշին իշխանութեան կարգելու համար չէ: Այս հաւաքը վերջին 30 տարիներին այն եզակի հաւաքներից մէկն է, որն արդէն 2 շաբաթ շարունակւում է, որը պայքար է յանուն արժանապատուութեան վերականգնման, յանուն ապագայ սերունդների, որպէսզի որեւէ սերունդ այս մասին դասագրքերում կարդալիս՝ երբեք չարձանագրի, որ հայրենիքը կորցրած, ծախած, պատերազմ պարտուած, կապիտուլեացիոն (անձնատուոթեան-Խմբ.) փաստաթուղթ մէկ գիշերում ստորագրած, հասարակութիւնը պառակտած, որի անունն է Նիկոլ Փաշինեան, այդ անձին 2020 թուականին ժողովուրդը հանդուրժեց իշխանութեան ղեկին», նշեց Գեղամ Մանուկեան:
Հաւաքուած քաղաքացիները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ատեն զոհուած զինուորներուն եւ կամաւորներուն յիշատակը:

Յատկանշական էր Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեանին ներկայութիւնը, անոր կողմէ արտասանուած Տէրունական աղօթքը եւ տուած պատգամը:
«Տխուր եմ, որ կորցրել ենք Արցախի տարածքի մի մասը, մեր զինուորների մարմինները գտնւում են այնտեղ, ուր թշնամին է՝ գրաւեալ տարածքներում, բայց մենք մեզ համարում ենք «հպարտ քաղաքացիներ»: Կարո՞ղ էք ասել՝ պատճառը ո՞րն է, որ մենք հպարտ ենք. հպարտութիւնը մեղք է», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ բազմաթիւ երկիրներ, գերտէրութիւններ, որոնք պատերազմի մէջ են, չեն ըսեր՝ հպարտ քաղաքացիներ, իսկ մենք տարածքներ կորսնցնելով, մեր զինուորներուն դիակները թշնամիին գտնուած տարածքներուն մէջ ձգելով մենք մեզ հպարտ կը նկատենք:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իվետա Տօնոյեան ընթերցեց ուղերձը կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի, որ հանրահաւաքի մեկնարկէն ընդամէնը կէս ժամ առաջ հրաւիրուած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ հարցաքննութեան:
Ուղերձին մէջ կ՛ըսուէր, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է վախնայ իր վարած խայտառակ քաղաքականութեան հետեւանքներէն, իր ժողովուրդին բարկութենէն, անտուն ու անհայրենիք մնացած մեր շուրջ 100 հազար արցախցիներուն զայրոյթէն, զաւակ կորսնցուցած ծնողներուն ցասումէն, սակայն, հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին առջեւ ծառացած օրհասական հարցերը լուծելու փոխարէն Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ քաղաքական հետապնդումները, աթոռը պահելու համար ան պատրաստ է ամէնէն ստոր քայլերուն անգամ:
Ծառուկեան կը յիշեցնէ, որ ինք 6 ամիս առաջ յայտարարած էր, որ օր առաջ այս իշխանութիւնները պէտք է հեռանան, ինչ որ մօտալուտ վտանգը կանխելու իր քայլն էր՝ միտուած Արցախի անվտանգութեան։ Յունիսին Ազգային ժողովի ամպիոնէն ինք յայտարարած էր, որ իշխանութիւնները պէտք է բացէ ի բաց ըսեն, թէ ինչի՛ շուրջ կը բանակցին Փաշինեան եւ Ալիեւ: Ան դիտել տուաւ, որ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին պատճառներէն է նաեւ տնտեսութեան ողնաշարին տրուած հարուածը, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ձախողութիւնը, արտաքին աշխարհի գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը եւ բազմաթիւ այլ գործօններ, «բայց իմ թիւ մէկ մտահոգութիւնը Արցախն էր ու Արցախի անվտանգութիւնը», յայտնեց Ծառուկեան:

Ապա խօսք առաւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դերասան Վիգէն Ստեփանեան եւ նշեց, որ շատեր կը կարծեն, թէ մտաւորականութիւնը լուռ է, կը փորձէ յարմարիլ ստեղծուած վիճակին, սակայն իրականութիւնը այդ չէ: «Մենք լուռ չենք, մենք միշտ խօսել ենք, ցաւօք, լսող չի եղել: Լսել են էն դուխով, ճղճիմ ձայները, որոնք լօզունգներով մարդկանց պարզապէս խաբել են: Այն, ինչի առաջ այսօր կանգնած է երկիրը, անգամ վատ երազում դժուար է պատկերացնել: Արցախի կէսի կորուստ, հազարաւոր զոհեր, անհետ կորածներ, որդեկորոյս մայրեր, ինչպէ՞ս շարունակում: Կորոնավիրուսն էլ որտեղից եկաւ, բայց նրան աւելացել է նիկոլավիրուսը, այ դրանից է պէտք հիմա ազատուել», ըսաւ ան:

Ելոյթ ունեցաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան, որ ըսաւ, թէ քաղաքական դիակը շարքային ստախօս է, ան կը ստէ ամէն օր, ամէն տեղ, ամէն առիթի կամ անառիթ, ան անհաւասարակշռուած անձ է: Ապա դիմելով Փաշինեանին՝ ան ըսաւ. «Նիկո՛լ, դու այլեւս իշխանութիւն չունես, դու ոչ թէ ասֆալտին փռող ես, այլ ասֆալտ փռող ես, դու հայրենասպան ես, ֆէյք ես»:
Ըստ Վանեցեանի՝ մենք այսօր չունինք աշխարհի մէջ վստահութիւն վայելող իշխանութիւն, որովհետեւ սեփական պետութիւնը անձնատուութեան հասցուցած իշխանութիւնը չի կրնար յարգանքի արժանանալ որեւէ այլ մայրաքաղաքի մէջ, հետեւաբար, մեր համակարգային հարցն է վերականգնել պետութեան ներքին դիմադրողականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխարհի մէջ վերականգնել մեր արժանի տեղը եւ դերը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ եթէ մենք Փաշինեանը հեռացուցած ըլլայինք 6 ամիս առաջ, պատերազմ չէր ըլլար, եթէ մենք Նիկոլը հեռացնէինք պատերազմի առաջին օրերուն, այդ պատերազմը պիտի աւարտէր յաղթանակով, իսկ եթէ մենք Նիկոլը հեռացնէինք ստորնացուցիչ պայմանագիրը ստորագրելու օրը, մենք այսօր պիտի ունենայինք շատ աւելի լաւ իրավիճակ: Հետեւաբար, ըստ անոր, Նիկոլի իւրաքանչիւր մէկ օր աւելի մնալը փորձանք է մեր պետութեան եւ ժողովուրդին համար:
Սաղաթէլեան յայտնեց, որ Նիկոլի հեռացումով մենք կարելիութիւն պիտի ունենանք Հայաստանի մէջ հաստատել կայունութիւն եւ համերաշխութիւն, իսկ այնքան ատեն որ Նիկոլը կայ, Հայաստանի մէջ հայ արժանապատիւ մարդը պիտի չհանդուրժէ անոր գոյութիւնը: «Նիկոլի հեռացումով հնարաւութիւն է ստեղծւում պաշտպանել մեր պետականութեան շահերը: Թուրքի առջեւ ծնկի իջած, թուրքին յանձնուած ղեկավարը չի կարող պաշտպանել մեր ժողովրդի շահերը», հաստատեց ան: Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ Նիկոլ Փաշինեանի հեռացումով կարելի պիտի ըլլայ կանխել մեր երկրին սպառնացող ընկերային-տնտեսական եւ մարդկային աղէտը, որովհետեւ ներկայ իշխանութիւնը անկարող է մէկը ընելու:
Նիկոլի հեռացումը անհրաժեշտութիւն է այլ պատճառով ալ՝ այդ պարագային կարելիութիւն պիտի ստեղծուի Հայաստանի մէջ իրականացնել ազատ, արդար ընտրութիւններ: «Բոլոր խօսակցութիւններից այսօր արդէն հասկանում ենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը իրավիճակից դուրս գալու համար փորձ է անելու նշանակել արտահերթ ընտրութիւններ եւ, կառչած մնալով վարչապետի աթոռից, այդ ընտրութիւնների ժամանակ կեղծի յաջորդ ընտրութիւնները եւ վերարտադրուի: Եկէ՛ք մենք յայտարարենք, որ մենք որեւէ տարբերակ չենք ընդունում. Նիկոլը պէտք է հեռանայ եւ վե՛րջ», շեշտեց Սաղաթէլեան:
Ան պատասխանեց ժողովուրդը յուզող քանի մը հարցումներու՝ նշելով, որ Փաշինեանը պիտի փոխարինէ Վազգէն Մանուկեան, որ իր անցած ուղիով, հմտութիւններով, կարողութեամբ երկրին մէջ պիտի սփռէ համերաշխութիւն եւ հանդարտութիւն: «Վերջին 30 տարուայ մէջ երկու անգամ է եղել հիմնական ընդդիմադիր ուժերի համախմբում. մէկը 1996ին, մէկն էլ հէնց այս օրերին եւ այդ երկուսն էլ տեղի է ունեցել Վազգէն Մանուկեանի շուրջ», ըսաւ ան՝ դիտել տալով, որ նոր վարչապետը պիտի կազմէ ժամանակաւոր հակաճգնաժամային կառավարութիւն, որ ի վիճակի ըլլայ յաղթահարել մեր երկրին դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները:
Յաջորդ հարցումը, ըստ անոր, այն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին Հայաստանի Հանրապետութեան այն քաղաքացիները, որոնք համաձայն են, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ, բայց չեն ընդունիր բեմին վրայ գտնուող ուժերը: «Այդ քաղաքացիները անյապաղ պէտք է գան այս հրապարակ: Որովհետեւ իրենց պայքարը հայրենիքի փրկութեան համար է, ոչ թէ մեզանից որեւէ մէկին իշխանութեան բերելու համար: Հետեւաբար, «Նիկո՛լ, հեռացի՛րը» ոչ թէ կոչ է, այլ հայ ժողովրդի համահայկական պահանջը», ըսաւ ան: Սաղաթէլեան յայտնեց, որ այդ իրականութիւն պիտի դառնայ մէկ ձեւով՝ հայ ժողովուրդի համահայկական բողոքի, անհնազանդութեան շարժումներու միջոցով, որպէսզի մեր պայքարը դառնայ իրականութիւն:
Խօսելով ժամանակաւոր կառավարութեան ընելիքներուն մասին՝ Սաղաթէլեան յայտնեց, որ անիկա պիտի իրականացնէ այն, ինչը 2.5 տարի առաջ այս հրապարակին վրայ խոստացաւ Փաշինեան եւ խաբեց ժողովուրդը: «Նոր իշխանութիւնը իր ժողովրդին չի՛ ասելու` «ծնկի կը գամ ձեր առջեւ,արժանապատիւ, հպարտ քաղաքացիներ», բայց գնայ, ծնկի գայ թուրքի առջեւ եւ մեր ժողովրդից խլի իր արժանապատուութիւնը եւ ինքնասիրութիւնը: Նոր իշխանութիւնը անօրինական միջոցներով չի փորձելու օրինականութիւն հաստատելու իմիտացիա (կեղծ նմանութիւն-Խմբ.) անել, նոր իշխանութիւնը Սփիւռքին չի դիտելու իբրեւ կթու կով եւ միջոց իր հիմնադրամները համալրելու համար: Նոր իշխանութիւնը Հայաստանում չի սպասարկելու օտարածին օրակարգեր, այլասերուած կոնվենցիաները Հայաստանում տեղ չեն ունենալու: Նոր իշխանութիւնը Հայաստանում հիմք է դնելու ազգային իշխանութեան, հայ ազգային արժէքները գտնուելու են պետութեան հոգածութեան տակ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան առաջարկեց, որ բոլոր հրապարակին վռայ գտնուողները ազգովին տան շատ կարեւոր որոշում, որ պէտք է մտնէ իւրաքանչիւր հայու օճախի մէջ եւ դառնայ հոգիի հաւատամք. «Այս որոշումը այստեղից պէտք է տարածուի նաեւ աշխարհի իւրաքանչիւր հայի տուն. որոշում, որ հայ զինուորը չի պարտուել, Հայաստանը չի պարտուել , պարտուել է միայն ու միայն Հայաստանի իշխանութիւնը եւ նրա պարագլուխ Նիկոլը: Հետեւաբար, որպէսզի հայ մարդը Հայաստանում, Արցախում, Սփիւռքում ուղղի իր ողնաշարը, Նիկոլը պէտք է հեռանա՛յ եւ վե՛րջ»:
Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց համախմբուելու, որ հրապարակի ներկայութիւնը կրկնապատկուի, եւ Նիկոլը հեռանայ: «Ես հաւատում եմ մեր յաղթանակին, ձեզանից իւրաքանչիւրին, մեր ժողովրդի կամքին, այս պայքարը աւարտուելու է յաղթանակով, որովհետեւ սա հայրենիքի փրկութեան պայքար է», եզրափակեց Իշխան Սաղաթէլեան:
Հանրահաւաքին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետի միասնական թեկնածու, Հայաստանի առաջին վարչապետ, պաշտպանութեան նախկին նախարար Վազգէն Մանուկեան:

«Շատ յատկանշական է, որ այսօր հաւաքուած ենք այն հրապարակում, որտեղ 1988ին մեր ժողովուրդը միասնութեամբ, մեծ հաւատով հաւաքուեց եւ երդուեց, որ կը կառուցի անկախ, ազատ եւ արդար պետութիւն, ձեռք կը մեկնի Արցախի եղբայրներին եւ քոյրերին՝ խոստանալով նրանց անվտանգութիւնը եւ վերամիաւորում Հայաստանի հետ», իր խօսքին սկիզբը ըսաւ Մանուկեան։
«Մենք կառուցեցինք անկախ պետութիւն՝ իր բոլոր թերութիւններով, բայց կառուցեցինք, յաղթեցինք պատերազմում: Հայաստանի եւ Արցախի բանակը համարւում էր ամենահզօրը այս տարածաշրջանում, Սփիւռքի հետ համագործակցելով՝ աւելացնում էինք մեր ազդեցութիւնը միջազգային ասպարէզում: Հիմա հաւաքուել ենք հին հրապարակում 30 տարի անց՝ վիրաւորուած արժանապատուութեամբ, հսկայական մարդկային, տարածքային կորուստներով, եւ այն ամէնը, ինչ արել էին Արցախի հարցի համար, գրեթէ կորած է, բայց վտանգուած է նաեւ Հայաստանը, նոյնիսկ Հայաստանի գոյութիւնն է հիմա վտանգի առջեւ, երբ ադրբեջանցիներն են որոշում Հայաստանի սահմանը՝ մտնելով սահման եւ ոչ մի դիմադրութիւն չստանալով մեր պետական մարմիններից: Սա է վիճակը, յարմարուե՞նք», հարց տուաւ ան:
Ըստ Մանուկեանի՝ 1988ին դրուած բոլոր հարցերը տակաւին կան եւ բոլորը պէտք է լուծուին: «Մենք թշնամացանք իրար դէմ, թշնամացանք հայաստանցի-արցախցի, հին-նոր, սեւ-սպիտակ, ազնիւ-ոչ ազնիւ: Նիկոլի առաջին քայլերից մէկը եղաւ Արցախի բանակը գլխատելը: Վարկաբեկւում էր Հայաստանի բանակը, մենք կորցրինք մեր բոլոր դաշնակիցներին եւ միայնակ առաջ գնացինք, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի իրարամերժ, հակասական, գրգռիչ յայտարարութիւնները ամէն օրով մեզ մօտեցնում էին պատերազմին», ըսաւ Մանուկեան՝ ընդգծելով, թէ պատերազմի սկսելու առաջին օրէն տրուեցան անգրագէտ եւ դաւաճանական որոշումներ, եւ մենք հասանք այս վիճակին:
«Մենք կարող էինք կանխել պատերազմը, կարող էինք յաղթել պատերազմի ժամանակ, կարող էինք շուտ վերջացնել՝ փոքր կորուստներով: Այդ ամէնը չեղաւ, եւ հիմա դրան աւելանում է երկրորդ խայտառակութիւնը՝ աշխարհում ոչ մի ժողովուրդ չի կարողանում հասկանալ հայերին, որ այն առաջնորդը, որ իրենց հետեւողականօրէն տարաւ պարտութեան, մինչեւ հիմա ղեկի մօտ է: Այդպիսի բան աշխարհում չի լինում», ըսաւ վարչապետի թեկնածուն:
Ան ընդգծեց, որ Փաշինեանի հեռացումը միայն արժանապատուութեան հարց չէ, անոր իշխանութեան իւրաքանչիւր օր մեզ ամիսներով ետ կը տանի, ուրեմն անոնք որքան շուտ հեռանան, այնքան արագ կարելի կ՛ըլլայ դարձեալ ոտքի կանգնիլ, ընթանալ դէպի յաղթանակ տանող ուղիով: Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հասկնայ, թէ որքան շուտ կամաւորաբար հրաժարական տայ, այնքան լաւ է իրեն համար, որովհետեւ եթէ շարժումն ալ չյաջողի, բարկացած ժողովուրդը հաշիւ պիտի պահանջէ իրմէ: «Այս շարժումն այն ճանապարհն է, որ իրեն հնարաւորութիւն է տալիս քաղաքակիրթ ձեւով փոխել իրավիճակը Հայաստանում: Ձախողուեց, աւելի վատ է լինելու, բայց ինքը բոլոր դէպքերում գնալու է», ըսաւ ան:
Վազգէն Մանուկեան անդրադարձաւ այն հարցերուն, որոնք պէտք է զուգահեռաբար լուծուին ժամանակաւոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք: «Ստորագրուած համաձայնագրի հետ երբեք չենք հաշտուի, դրանից չենք հրաժարուի, բայց այն կայ: Հրաժարուելը կը նշանակի պատերազմ: Պէտք է անորոշութիւնները դարձնել յօգուտ Հայաստանի: Երկրորդ՝ անվտանգութեան հարց՝ վերականգնել բանակը, մարտունակութիւնը: Վերականգնել դաշնակցային յարաբերութիւնները: Եթէ ստեղծուի դաշինք Թուրքիայի դէմ, մենք դրա մէջ ենք լինելու: Մտնել բանակցային պրոցեսի (գերծընթացի-Խմբ.) մէջ: Անյայտ կորածների, գերիների, զոհուած զինուորների ընտանիքների, փախստականների հարցերը լուծել», բացատրեց ան:
Շարունակելով իր ելոյթը՝ Մանուկեան կարեւոր սեպեց Հայաստանի մթնոլորտին առողջացումը: «Հայաստանում աշխատում են արտաքին ազդեցութիւն ունեցող ուժեր, որոնք դիտաւորեալ պառակտում են մեր ժողովրդին եւ 2.5 տարի լուծում էին իրենց աշխարհաքաղաքական հարցերը՝ մեզ օգտագործելով որպէս խաղալիք, պէտք է մաքրել այդ դաշտը», շեշտեց ան:
Մանուկեան նշեց, որ իւրաքանչիւր պարտութենէ ետք կը սկսի յաջորդ յաղթանակը, մենք պէտք է կարճ ժամանակի ընթացքին ոտքի կանգնինք, ինքնավստահ ըլլանք եւ երթանք յառաջ՝ շեշտելով, որ Նիկոլ Փաշինեան թող հեռանայ կամաւորաբար, այլապէս կը հեռանայ պարտադրաբար:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն հաւաքին մասնակցողները Բաղրամեան պողոտայով ուղղուեցան կառավարական առանձնատուներուն մօտ, ուր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք այստեղ ենք, որ շատ մօտիկից Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցենք մեր բոլորի պահանջը: Այդ պահանջը հետեւեալն է՝ մենք մինչեւ Երեքշաբթի օրը ժամը 12ը ժամանակ ենք տալիս, որ Նիկոլը իր քաղաքական թիմին, իր խորհրդատուների հետ վերջնական քննարկի, որոշում ընդունի հրաժարական տայ եւ հեռանայ: Նիկոլ, սա քո վերջին ժամերն են, որ բնակւում ես կառավարական ամառանոցում: Մենք որեւէ պայմանաւորուածութիւն, որեւէ պայման չենք կարող ունենալ, մենք ունենք մէկ պահանջ, Նիկոլը պէտք է հեռանայ եւ վերջ: Մենք երկու հարց կարող ենք քննարկել՝ Նիկոլի հեռացման օրը եւ ժամը, եւ երկրորդ, խոստանալ, որ ֆիզիքական հաշուեյարդար մեր ժողովուրդն իր հետ չի տեսնելու»: