ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի հերոս Սէյրան Օհանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ այն վտանգաւոր կացութեան, որուն մէջ կը գտնուին Հայաստան եւ հայ ժողովուրդը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան, հասարակութեան եւ անհատի անվտանգութեան ապահովման, կայուն զարգացման, հայ ինքնութեան պահպանման երաշխաւոր իշխանութիւնը` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ազգային ժողովում իրեն սատարող մեծամասնութեան հետ, Հայաստանի Սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած պարտականութիւնները պատշաճ չկատարելով, իր ոչ հայամէտ պետական քաղաքականութեամբ, անարդիւնաւէտ կառավարմամբ, բնակչութեան պառակտմամբ եւ միջազգային ներգրաւուածութիւնն ապահովող ոչ լիարժէք արտաքին քաղաքականութեամբ, երկիրը ներքաշեց ազգակործան պատերազմի մէջ եւ նոյնիսկ մրցունակ բանակով տարաւ պարտութեան: Եթէ այս իշխանութիւնը իր ղեկավարի հետ օր առաջ չհեռանայ, ապա վտանգուած են Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, սահմանների անձեռնմխելիութիւնը, բնակչութեան ֆիզիկական գոյութիւնը», գրած է Սէյրան Օհանեան: