ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Դեկտեմբերին, բազմաթիւ քաղաքացիներ «Արժանապատուութեան երթ»ով շարունակեցին պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Անոնք մայրաքաղաքի կեդրոնական՝ Սարեան-Լէօ, Աբովեան, Փակ Շուկայ Սայաթ Նովա եւ Տէրեան փողոցներով, Մաշտոցի եւ Բաղրամեան պողոտաներով, ինքնաշարժներով եւ յետիոտն ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակը՝ բացագանչելով «Նիկո՛լ, դաւաճան, հեռացի՛ր»: Ոստիկանները բռնի ուժ կիրարկեցին ցուցարարներուն վրայ՝ ձերնակալելով շուրջ 40 ցուցարարներ, որոնց կարգին՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեաը։ Արձանագրուեցան նաեւ վիրաւորներ։
Ձերբակալութիւններէն ետք, Մաշտոց պողոտայէն քայլերթով ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Ամիրեան փողոցը, ապա Հանրապետութեան հրապարակը եւ կառավարութեան շէնքին առջեւ։
«Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան ըսաւ, որ բոլոր քաղաքացիները պէտք է շատ լաւ հասկնան, որ ասիկա պայքար չէ որեւէ իշխանութեան համար, այլ պայքար է յանուն մեր հայրենիքի փրկութեան: «Ժողովո՛ւրդ, դուրս եկէք փողոց, հասկացէ՛ք, որ իրավիճակն արդէն այլ է, իրավիճակը օրհասական է, ծախւում է մեր երկիրը, վտանգուած են ՀՀ սահմանները եւ հայ ժողովրդի գոյութիւնը», յայտնեց ան՝ շեշտելով, որ ոստիկաններուն կողմէ գործադրուած բռնի ուժը, ձերբակալութիւնները, իրենց շարժումները կասեցնելու փորձերը ոչ մէկ ձեւով պիտի յոգնեցնեն կամ յուսահատեցնեն Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները։
«Այսօր մեր երթն ինքնաբուխ է, ունի երկու խորհուրդ` միացում, բոլորը պէտք է միանան յանուն հայրենքի փրկութեան, երկրորդ խորհուրդն այն է, որ մենք անպայման յաղթելու ենք, ունենալու ենք երկիր առանց դաւաճան իշխանութիւնների», յայտնեց Վանեցեան կառավարութեան շէնքին առջեւ՝ շեշտելով, որ շատ շուտով արդէն արդիւնքի պիտի հասնին։ «Որեւէ մէկը չկասկածի: Մենք արժանապատիւ ժողովուրդ ենք, մեր արժանապատուութեան համար պայքարելու ենք մինչեւ վերջ», հաստատեց ան:
Արթուր Վանեցեան դիտել տուաւ, որ դաւաճան Նիկոլի հրամանով ցուցարարներէն շատեր ձերբակալուած եւ տարուած են ոստիկանութեան բաժիններ, նաեւ` ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան: Սակայն, ան վստահեցուց, որ մարդիկը վախցնելու այս փորձերը ամբողջական ձախողութեան մատնուած են։
Վանեցեան յայտարարեց, որ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին: «Փաշինեանի հեռացումը մեր ժողովրդի գրեթէ 100 տոկոսի պահանջն է: Այդ պահանջը նրանք պարտաւոր են կատարել: Մենք ստիպելու ենք, որ նրանք այդ պահանջը կատարեն», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան շեշտեց, որ բոլորը կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, որովհետեւ բոլորն ալ լաւապէս կը գիտակցին, թէ պարտուած, հայրենիք զիջած իշխանութիւնը ի վիճակի չէ ասկէ ետք պաշտպանել հայրենիքի շահերը: Ան յիշեցուց անունները բոլոր այն շարժումներուն, կառոյցներուն, միութիւններուն, որոնք իրենց կարգին կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
«Մենք առաջարկում էինք, որ Նիկոլ Փաշինեանն առանց ցնցման հեռանայ, որ մեր հայրենակիցներին հնարաւորութիւն տար փրկել իրավիճակը: Նիկոլ Փաշինեանն իր առոթին կառչած ոչ միայն այս քայլին չի գնում, այլեւ փորձում է հրահրել եւ հասարակութեան մէջ հերթական անգամ ատելութիւն սերմանել», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ատելութիւն հանդէպ արցախցիների, ատելութիւն հանդէպ Արցախի: Նորից փորձում է բաժանել ժողովրդին: Հաւաքուած ժողովրդին նա ժողովուրդ չի համարում, այլ համարում է մի քանի կուսակցութիւնների ներկայացուցիչներ: Նա չի գիտակցում, որ դրանով վտանգում է մեր ողջ պետականութիւնը: Նա չի հասկանում, որ դրանով վտանգում է իւրաքանչիւր հայի Հայաստանում ապրելու իրաւունքը: Այսքանից յետոյ փոխանակ հասկանայ, որ այս պահին Հայաստանի փրկութեան միակ ելքը իր հեռանալն է, նա շարունակում է ճնշումներ գործադրել ու ապօրինի հրամաններ տալ իրաւապահ համակարգին»:
Ըստ Մինասեանի՝ Փաշինեանի գոյութեան իւրաքանչիւր օր նոր կորուստներու պատճառ կը դառնայ։ «Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնն ամէն օր զիջում է Հայաստանից տարածքներ, անտարբերութեան է մատնում հայ մարդու ճակատագիրը, գերեվարուած անյայտ կորած մեր զաւակների ճակատագիրն առ այսօր մնացել է օդում կախուած: Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը ի վիճակի չէ անգամ պահանջներ առաջադրելու, որպէսզի ժամ առաջ վերադարձուեն մեր զաւակները», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեան նաեւ նշեց, որ Նիկոլ Փաշինեան ունակ չէ անգամ տարրական հարցեր լուծելու, հետեւաբար ամէն օր յաւելեալ վնաս կը հասնի մեզի: «Այս անձը չի գիտակցում, որ իր գոյութեամբ վտանգում է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանն իշխանութիւնը թոյլացրեց մեր բանակը եւ հիմա մեղադրում է բանակին մեր պարտութեան մէջ: Մեր բանակը չի պարտուել, պարտուել է Նիկոլ Փաշինեանը», շեշտեց ան:
Արծուիկ Մինասեան դիմեց զինուորականներուն եւ իրաւապահ համակարգին` կոչ ուղղելով չհանդուրժելու նման ղեկավար, նաեւ դիմեց զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին՝ նշելով, որ Նիկոլ Փաշինեան կը վտանգէ մեր բանակը:
Ոստիկանութեան բաժինէն դուրս գալէ ետք, Իշխան Սաղաթէլեան հաստատեց, որ ոչ ոք կրնայ լռեցնել Հայաստանի քաղաքացիները, որովհետեւ ոչ մէկ արժանապատիւ հայ պիտի հանդուրժէ, որ հայրենիքը թուրքին ծախած մարդը շարունակէ ղեկավարել երկիրը։ «Երէկ տեսաք, որ ադրբեջանական շքերթի ժամանակ յայտարարում են, որ դեռ պէտք է գրաւենք Սեւանը, Երեւանը եւ Զանգեզուրը, իսկ Նիկոլ Փաշինեանն իր մամուլի խօսնակի միջոցով պատասխանում է` խախտում էք պայմանաւորուածութիւնը եւ դրանով տարածաշրջանում ակայունութիւն էք ստեղծում: Ինքն առաջնորդւում է ջէբկիրի հոգեբանութեամբ: Ամէն առաւօտ արթնանում ու մտածում է` ժողովրդին էսօր ինչ խաբի` իշխանութիւնը պահելու համար», նշեց ան:
Սաղաթէլեան հաստատեց, որ օրական դրութեամբ պիտի կատարուին բողոքի խաղաղ քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք, ըստ անոր, Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հեռանայ:
Նշենք, որ անհնազանդութեան եւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցոյցեր եւ զանազան շարժումներ տեղի ունեցան ոչ միայն Երեւանի մէջ, այլ նաեւ մարզերուն։ Քաղաքացիներ փակեցին Վանաձոր–Ալավերդի, Սեւան-Երեւան մայրուղիները եւ այլ ճամբաներ։