ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկը (FPWC) Նոյեմբերի ընթացքին ձեռնարկած եւ իրականացուցած է ծառատունկ՝ նուիրուած հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն զոհուած հերոսներուն յիշատակին:
Այս ընթացքին FPWC-ի կողմէ առաւել քան 6000 ծառեր տնկուած են Վայոց Ձորի եւ Արարատի մարզերուն մէջ: Ուրցաձորի, Յովազաձորի եւ Մոզրովի տարածքներուն մէջ տնկուած են փշատենիներ, տանձենիներ ու նշենիներ:
Տարիներու ընթացքին, FPWC-ը երկրին տարածքին տեղւոյն յատուկ բուսատեսակներու սերմեր կը տնկէ, որուն շնորհիւ ապահովուած է բոյսերու բարձր կպչողականութիւն:
Ընդգծենք, որ յաջորդ տարի հիմնադրամը նախատեսած է իրականացնել 20,000 ծառերու տնկում եւ պիտի ընդլայնուին տնկուող ծառերուն տեսակները։