ՊԱՔՈՒ, ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումին թիրախ դարձած Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն հսկողութեան տակ դնելու քայլին հակադարձելով, Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ատիլ Ալիեւ յայտարարեց, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ Արցախի նոր քարտէսի հրապարակումը «սահմաններու խախտում է եւ նենգափոխում», կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը:
Ալիեւ նշեց, որ ռուս խաղաղապահներու կողմէ հրապարակուած նոր քարտէսը «ոչ մէկ իրաւական եւ քաղաքական հիմք ունի»։
«Անոնք պէտք է անյապաղ սրբագրեն քարտէսներուն մէջ գտնուող սխալը: Առանց այդ ալ Ռուսիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու տեղակայումը լիարժէքօրէն չէ ընդունուած մեր հասարակութեան կողմէ: Թող վստահ ըլլան, որ մէկ այլ այսպիսի սխալ, ինչպէս նաեւ որեւէ սադրանք, որ Հայաստան եւ անոր հովանաւորները ընեն, աւելի մեծ կորուստներու պիտի յանգեցնէ», սպառնաց Ալիեւ:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Արցախի մէջ շաբավերջին տագնապալի իրավիճակ ստեղծուած է, սակայն կարելի եղած է շատ արագ զսպել կացութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտնեց, որ տեղի ունեցածին մասին քիչ տեղեկութիւններ կան. ռուսական կողմը կը վերահսկէ կացութեան. «ասիկա յաւելեալ բեռ է մեր խաղաղապահներուն համար»: