ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ յարձակումէն առաւել քան երեք ամիս ետք, «Էֆ․Պի․Այ․»ը յայտարարեց, թէ յաւելեալ 50,000 տոլարի պարգեւ պիտի տայ յանցագործը կամ յանցագործները ձերբակալելու առաջնորդող տեղեկութիւնը փոխանցողին։
Նախապէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը 25,000 տոլար խոստացած էր նոյն նպատակին համար։
Յիշեցնենք, որ անյայտ անձ մը կամ անձեր 17 Սեպտեմբերի կանուխ ժամերուն հրդեհ յառաջացուցած էին Հայ կեդրոնին մէջ, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով կառոյցին։ Հայ կեդրոնին մէջ կայ «Վասպուրական» սրահը եւ հոն գրասնեակներ ունին նաեւ շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէն եւ ՀՄԸՄի, Համզագայինի ու ՀԵԴի մասնաճիւղերը։ Վնասուած էին Կիրակնօրեայ դպրոցին դասարանները, եկեղեցւոյ գրասենեակը եւ Համազգայինի գրադարանը։
Հոգաբարձութիւնը, համայնքին ղեկավարութիւնը, համագործակցութեամբ քաղաքի հրշէջներուն, օրինապահ մարմիններուն եւ «Էֆ․Պի․Այ․»ին՝ կը հետապնդեն ազգային ատելութեան հողին վրայ կատարուած այս յարձակումին ծալքերը:
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ Յուլիսին յարձակած էին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ, ատելավառ հայհոյանքներ գրելով եւ Ատրպէյճանի դրօշակին գոյները ներկելով անոնց արտաքին պատերուն վրայ:
Ոճիրներուն մասին տեղեկութիւններ ունեցողները կրնան դիմել՝ (415) 553-7400 եւ (415) 575-4444 թիւերուն կամ այցելել՝ tips.fbi.gov կայքը։