ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Ամերիկեան իշխանութիւնները կը կարծեն, որ ռուս խաղաղապահներուն՝ Արցախի մէջ ներկայութիւնը կը սպառնայ ապակայունացնել շրջանին մէջ իրավիճակը: Այդ մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի զինուորական եւ քաղաքական հարցերու օգնական Քլարք Քուփըր՝ աւելցնելով․
«Այդ մէկը, անշուշտ, մարտահրաւէր է առնչակից բոլոր կողմերուն եւ պետութիւններուն համար»: