ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրան Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ սկսած է իւրանիոմը 20 առ հարիւրով հարստացնել, ինչ որ մինչեւ այսօր հիւլէական համաձայնութեան՝ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրին ամէնէն նկատառելի խախտումն է:
Այս համեմատութիւնը հիւլէական ռումբի արտադրութեան համար պէտք եղած 90 առ հարիւրէն շատ նուազ է, սակայն ըստ 2015ի գոյացած համաձայնութեան, այդ հարստացումը պէտք է 4 առ հարիւրէն նուազ մնայ:
Իրան համաձայնութիւնը սկսաւ խախտել, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկիրը դուրս բերաւ հիւլէական համաձայնագիրէն եւ վերահաստատեց Իրանի դէմ պատժամիջոցները: Սակայն, համաձայնագիրը ստորագրած միւս երկիրները՝ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Ռուսիա եւ Չինաստան կը յուսան համաձայնագիրը վերականգնել:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը նախապէս յայտնեց, որ Իրան տեղեակ պահած է, որ կը ծրագրէ իւրանիոմը լերան մէջ կառուցուած «Քորտօ» հիւլէական կայանին մէջ հարստացնել 20 առ հարիւրով:
Իրան 2019ին խախտեց հարստացման համեմատութիւնը 3.67 առ հարիւրի նշացողէն վար պահելու պայմանը, սակայն մինչեւ հիմա զայն կը պահէր 4.5 առ հարիւրի վրայ:
Սակայն Իրանի խորհրդարանը անցեալ ամիս երկրին աւագ գիտնական Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութենէն ետք որդեգրեց իւրանիոմը մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացնել արտօնող օրինագիծ մը:
Օրինագիծը կառավարութեան կը պարտադրէ իւրանիոմը մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացնել, եթէ երկրին քարիւղի եւ ելեւմտական մարզերուն դէմ պատժամիջոցները երկու ամսուան ընթացքին չվերցուին:
Օրինագիծը նաեւ կ՛արգիլէ ՄԱԿի քննիչներուն Իրանի Նաթանզ եւ Ֆորտօ հիւլէական կայաններ մուտքը: