
Յունուար 6, 2021ը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան սեւ էջերէն մէկը դարձաւ, երբ ամիսներով նախագահ Տանըլտ Թրամփի սուտերուն կուրօրէն հաւատացող հարիւրաւոր վայրագ համակիրներ Քոնկրեսի շէնքէն ներս խուժեցին, այն միջոցին, երբ Քոնկրեսը կը վաւերացնէր նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքը։
Խռովարարները ապակիներ կոտրեցին եւ նիւթական վնասներ հասցուցին ժողովրդավարութեան սիրտը նկատուող կառոյցին, կրկնելով բազմաթիւ առիթներով եւ դատարաններու կողմէ հերքուած այն պնդումները, թէ ընտրական օրէնքներու խախտումներ տեղի ունեցած են։
Քոնկրեսի ոստիկանութիւնը պարտադրուեցաւ ապահով սենեակներ եւ ապաստանարաններ փոխադրել քոնկրեսականները, սպասելով դաշնակցային ուժերուն, կացութիւնը ամբողջութեամբ հակակշռելի դարձնելու համար։
Նախագահ ընտրուած Ճօ Պայտըն դատապարտեց գլխաւորաբար ծայրայեղ ազգայնամոլներէ բաղկացած խռովարարներուն արարքները եւ կոչ ըրաւ Թրամփին, որ անյապաղ վայրագութիւնները դադրեցնելու կոչ ընէ իր համակիրներուն։
Հակառակ այն իրողութեան, որ Թրամփ անմիջապէս եւ խստօրէն կը հակազդէր սեւամորթներու իրաւանց պաշտպանութեան ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած հազուադէպ խռովարարութիւններուն, ան աւելի քան երկու ժամ սպասեց եւ պարզապէս տուն երթալու կոչ ըրաւ իր իսկ հրաւէրով մայրաքաղաք ժամանած ցուցարարներուն։ Նաեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ ան ամէն առիթով կը պնդէ, թէ ինքը օրէնքը պաշտպանող մըն է, պարտութիւն կրած նախագահը ոչ միայն չդատապարտեց խռովարարներուն ոճրային արարքները, այլ վստահեցուց անոնց, որ կը սիրէ զիրենք, ինչ որ յաւելեալ բռնարարքներու անուղղակի հրաւէր մը կրնայ ըլլալ ամէն գնով Թրամփին ակնածանքը շահիլ ուզող ծայրայեղականներուն համար։