ԷՆՍԻՆՕ.- Չորեքշաբթի, 6 Յունուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Ծննդեան պատարագէն ետք, սրբազան հայրը ընդունեց Էնսինոյի ծխական մեծ ընտանիքին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները։
Այս առթիւ, առաջնորդարանի բարերարուհիներէն Վալենթին Սարաֆեան եւս ջերմագին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր, բարի երթ մաղթեց անոր առաքելութեան եւ առ ի զօրակցութիւն անոր հոգեւոր ծրագիրներու իրականացման, 10,000 տոլար նուիրեց Ազգային առաջնորդարանին: