ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի».- Հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը տեղեակ պահեց Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ շաբաթասկիզբը տեղի ունեցած հանդիպման հիմնական արդիւնքներուն մասին:
«Էրտողան իր աջակցութիւնը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Ռուսիոյ ջանքերուն, հանդէս եկաւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւններու համակարգման օգտին, ներառեալ՝ շրջանի տնտեսական զարգացումը եւ փոխշահաւէտ նախագիծերու յառաջ մղումը», կը նշուի Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Կը տեղեկացուի, որ «յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ փոխադարձ ապրանքաշրջանառութեան աճի հարցին, առանցքային ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնման, ինչպէս նաեւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին, ներառեալ՝ պատուաստներու միացեալ արտադրութիւն եւ օգտագործման ծրագիրներու իրագործում»:
Էրտողան նաեւ պնդեց, թէ Թուրքիա իր կողմէ անհրաժեշտ ներդրում պիտի կատարէ Արցախի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման համար:
«Քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ զինադադարի վերահսկման ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի ստեղծման հարցը: Նախագահ Էրտողան բանակցութիւններու ընթացքին յայտարարած էր, որ Թուրքիա անհրաժեշտ ներդրումները պիտի կատարէ եւ պիտի աջակցի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման», կը նշուի Էրտողանի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
Էրտողան վստահեցուց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա կը ձգտին ստեղծել պայմաններ, որոնք ատրպէյճանցիներուն եւ հայերուն պիտի արտօնեն միասին ապրիլ Արցախի մէջ՝ առանց խաղաղապահ կամ հսկողութեան առաքելութեան գործունէութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութեան: