ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրադարանի հայկական եւ վրացական հաւաքածոներու ղեկավար:
Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս Խաչիկ Մուրատեան պիտի յաջորդէ դոկտ. Լեւոն Աւտոյեանին, որ հաւաքածոներու ղեկավարի պաշտօնը կը վարէր 1993էն սկսեալ, մինչեւ 2018ին հանգստեան կոչուիլը:
Դոկտ. Մուրատեան կը շարունակէ դասաւանդել «Քոլոմպիա» համալսարանին մէջ, իսկ անոր գիրքը` «The Resistance network» վերջերս լոյս տեսաւ Միշիկըն նահանգի համալսարանի հրատարակչատունէն: