ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴին նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ համացանցային զանազան հարթակներու վրայ տրամադրելի է Haytoug Talks («Հայդուկ»ի խօսքեր կամ «Հայդուկ»ը կը խօսի) հաղոդումները, որոնց մէջ կան դաստիարակչական նիւթեր եւ քննարկումներ, հիմնուած 1976էն ի վեր լոյս տեսնող Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Հայդուկ» պարբերաթերթին վրայ։
Հաղորդումները կը վարեն Հայկ Մինասեան եւ Քրիսթա Մարինա Աբարտեան։
Հաղորդումներուն հետեւելու համար այցելել https://linktr.ee/HaytougTalks կայքէջը։
Նկար