ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 16 Յունուարին, Վանաձորի «Լոռի» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Մանուկեանի եւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը վանաձորցիներուն հետ: Քննարկուեցան երկրին իրավիճակը եւ հետագայ աշխատանքները:
Հանդիպումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում«ի համակարգող Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ այս կառավարութեան, յատկապէս Նիկոլ Փաշինեանի օր մը աւելի իշխանութեան վրայ մնալը կորուստ է մեր երկրին եւ պետութեան համար:
Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենք ներկայացուցած են ճանապարհային քարտէս մը եւ առաջարկած են, որ նախ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարական տայ, անցումային կառավարութիւն ձեւաւորուի եւ լուծէ կարեւոր հարցեր: Լուծուելիք հարցերէն առաջնայինները ան նկատեց հասարակական համերաշխութեան տիրելը եւ թշնամանքի մթնոլորտին վերջ դնելը: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր մեր երկիրը անտէր է, թուրքը յայտնուած է Վարդենիսի մէջ, իսկ մեր երկրի պաշտպանութիւնը վտանգուած է՝ աւելցնելով, թէ պէտք է նաեւ յարաբերութիւնները կարգաւորուին ռազմավարական դաշնակիցներուն եւ բարեկամներուն հետ:
Ըստ Սաղաթէլեանի՝ ժամանակաւոր կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ արհեստավարժներու կառավարութիւն, որուն մէջ պիտի համախմբուին իրենց գործին գիտակ մարդիկ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը դուրս բերել այս իրավիճակէն: Անիկա նախ պէտք է երկրին մէջ հաստատէ հասարակական համերաշխութիւն, կայունութիւն, վերջ դնէ թշնամանքին եւ ատելութեան, ապա արագօրէն ձեռնամուխ ըլլայ մեր հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան, անվտանգութեան, նաեւ պէտք է կանխէ երկրին դիմաց ցցուող ընկերային-տնտեսական աղէտը եւ քայքայումը։
Վանաձորի քաղաքացիներուն հետ հանդիպումին վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան ըսաւ, որ պատերազմը կարելի էր կանխել, իսկ եթէ մեր բանակը պատրաստ ըլլար, մեր ամուր դիրքերը պիտի կարենայինք պահել: Ան նշեց, որ նոյնիսկ այդ աննպաստ պայմաններուն մէջ, եթէ յիմար հրամաններ չըլլային, կարգ ու կանոն ըլլար, այդ կորուստները չէինք ունենար: «Երբ մի քանի օր անց ռազմական ընթացքը վատ վիճակում էր, մենք կարող էինք պատերազմը կանգնեցնել աւելի շուտ` աւելի քիչ կորուստներով: Ապացուցուած եմ համարում, որ Շուշին ոչ թէ գրաւել են ադրբեջանցիները, այլ տուել են մերոնք, դաւաճանութեան, թէ յիմարութեան պատճառով, դա այլ հարց», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով եռակողմանի յայտարարութեան` ան կործանարար խայտառակութիւն նկատեց զայն մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար: «Զգացւում է, որ հայկական կողմը ոչ մի քաղաքական բանակցութիւն չի արել` այդ փաստաթուղթը լաւացնելու համար: Իմ անձնական կարծիքով` կարող եմ պնդել, որ ամսի 8ի եւ 9ի կողմերն ագրբեջանական բանակը պահանջ ունէր դադարի, զինամթերքը, զինուորներն իրենց մօտ շատ էին, բայց կար յոգնածութիւն եւ ներքին դժգոհութիւն», շեշտեց Մանուկեան։