ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վարչապետ Փաշինեանի որոշումով, Էդուարդ Աղաջանեան զերծ կացուցուեցաւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնէն, զոր ստանձնեց առողջապահութեան արդէն նախկին նախարար Արսէն Թորոսեան: Վերջինս վարչապետին առաջարկով եւ նախագահին հրամանագիրով զերծ կացուցուեցաւ նախարարի պաշտօնէն:
Առողջապահութեան նոր նախարար նշանակուեցաւ Անահիտ Աւանեսեան: