ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 19 Յունուարին յայտարարեցին, թէ այսուհետեւ 65 տարիքը բոլորած գաւառի բնակիչները պիտի կարենան պատուաստուիլ «Քորոնա» ժահրին դէմ, ժամադրութիւններ ապահովելէ ետք VaccinateLACounty.com կայքին միջոցաւ: Կարելի է ժամադրութիւն վերցնել նաեւ՝ դիմելով (833) 540-0473 թիւին։ Նշենք, որ ցարդ գաւառին մէջ կատարուած են 348,000 պատուաստումներ։
Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, որ նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուած են 7902 նոր վարակումներ եւ 186 մահեր, ընդհանուր թիւերը հասցնելով յաջորդաբար՝ 1,031,874ի եւ 14,122ի։
Քալիֆորնիոյ մէջ այդ թիւերը 3․06 միլիոն եւ 34,436 են, Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ 24․8 միլիոն եւ 412,000, իսկ աշխարհի տարածքին՝ 97 միլիոն եւ 2․07 միլիոն։