ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ալմաստարնիուզ»․- Ռուսիոյ զինեալ ուժերը ամրացուցած են իրենց դիրքերը Եփրատ գետի արեւելեան ափին վրայ եւ Գամիշլիի օդակայան ուղարկած են մեծ թիւով ծանր սպառազինութիւն:
Հասաքէի նահանգապետարանի վերջին հաղորդագրութիւններուն համաձայն, Ռուսիոյ զինեալ ուժերը աւելցուցած են զօրքի քանակը` առանցքային Թալ Թամր քաղաքին մօտ գտնուող առաջնագիծին մէջ:
Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական զօրքերու դիրքերու ամրապնդումը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ: