ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Սիրելի… պատուական… հարազատ… յարգելի… հոգեւոր… մէկ հատիկ… Արդեօք կա՞յ գոյական մը այս բոլոր ածականներուն արժանի: Այո, «եղբայր» բառն է անիկա՝ «բարձրաթռիչ», «բարեհամբաւ», (վերջին երկու կոչումները կը պատկանին 17րդ դարու ամէնէն հետաքրքրական բանաստեղծներէն մէկուն՝ Երեմիա Չելեպի Քէօմիւրճեանին): Նոյն մօր արգանդէն ծնած, նոյն կաթով սնած այդ տղան, աղջիկ զաւակի համար հպարտութիւն եւ հովանի մըն է, իսկ փոքր եղբօր կամ որբի համար՝ պաշտպանութիւն եւ հօր շունչ մը երկրորդ: Կը տեսնէ՞ք, կան բառեր, որոնք սրբութիւն կը բուրեն մեզի համար: Յարգելի ընթերցող, թէեւ չունիմ աւագ եղբայր կամ քոյր, որ ինծի այդ աչքով նայի, սակայն կը փափաքիմ գրել «եղբայր» բառին մասին ու ձեզի բերել մեր հին ու նոր գրչեղբայրներուն կողմէ ստեղծուած այնպիսի գրական հարստութիւններ, որոնք անկասկած կ՛արդարացնեն վերոյիշեալ բոլոր ածականները, ներառեալ՝ Քէօմիւրճեանի յօրինածները: Իսկ դուք մի զարմանաք, եթէ յօդուածիս մէջ յանկարծ յայտնուին երգեր, անոնք եղբօր գովասանքներ են քաղցրալուր:
Բնիկ հայկական է «եղբայր»ը, մեր ամէնէն հարազատ բառերէն մէկը: Ան ունի եղբայրներ աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու մէջ. անգլերէն՝ «պրատըր», լատիներէն՝ «ֆրաթըր», իտալերէն՝ «ֆրաթելլօ», գերմաներէն «պրոտըր», դասական յունարէն՝ «ֆրաթեր», պարսկերէն «պարետար», ռուսերէն «պրաթ»… Դարերու ընթացքին, մինչեւ որ բառը առնէ «եղբայր» ձեւը, ունեցաւ միջին ձեւեր. բրայր > բղայր > ղբայր > եղբայր: Մեր գաւառներուն մէջ միշտ չէ, որ եղբայրը կը կանչէին իր գրական ձեւով: Զէյթունցին կ՛ըսէր «էխբար, ակնցին, սեբաստացին, արաբկիրցին, խարբերդցին եւ պոլսեցին՝ «ախբար», կարնեցին, ագուլիսցին, ախալցխացին՝ «ախպար», խարբերդցին՝ «ախբար», վանեցին, մշեցին, արցախցին, ալաշկերտցին, թիֆլիսցին, սալմաստցին եւ վիպագիր Րաֆֆին՝ «ախպէր», համշէնցին՝ «ախբէր», գորիսցին՝ «ախպըէր», հաճընցին՝ «ախբայ»: Նոյն ժամանակ, ձայն առին բառին գաւառական փաղաքշական ձեւերը. աբար, աբարիկ, աբօ, ապեր, ապի, ափի, ափու: Եւ օր մըն ալ այս ձայներով տպաւորուած՝ Աւետիք Իսահակեան գրեց «Որսկան Ախպեր» բանաստեղծութիւնը. «Որսկան ախպեր, սարէն կու գաս / Սարի մարալ կը փնտռես»։ Յակոբ Պարոնեան 1886 թուականին ստեղծեց հայկական թատրոնի ամէնէն շատ բեմադրուած թատերախաղերէն մէկը՝ «Պաղտասար Աղբար»ը, ու լսեցինք հայ մշակին ձայնը… «Հօլ արա եզօ / Ջան, աղբեր ջան, հօ, / Թօլ արա եզօ, / Ջան աղբեր»:
«Եղբայր» բառը տէր կանգնեցաւ բազմաթիւ իմաստներու եւ արտայայտութիւններու: Երբ Յովհաննէս Յովհաննիսեան գրի առաւ «Ում որ եղբայր անուանեցի, ինձ թշնամի իմացաւ» տողը, նկատի ունէր ազգականը, արիւնակիցը: Ռուբէն Զարդարեան, երբ կը յորդորէր՝ «Լսեցէ՜ք, ո՛վ տարաշխարհի եղբայրներ, դո՜ւք անծանօթ, բայց մերձաւոր իմ հոգիիս», նկատի ունէր իր ազգին տղաները: Նոյն միտքով Մուրացան ըսաւ. «Ի՞նչ հարկ կայ խտրութիւն դնել գիւղերի մէջ: Դրանցից ամէն մէկում ապրում են մեր եղբայրներն ու քոյրերը»: Սիրով ու բարեկամութեամբ իրարու հետ կապուած մտերիմ ընկերներուն խօսք ուղղեց Վահան Տէրեան. «Ողջո՜յն ձեզ, մութ ուղիներում երկրային, իմ եղբայրնե՛ր, հեռուներում եւ բանտերում»: «Եղբայր» բառը 301 թուականին առաւ հոգեւոր բնոյթ: Անիկա դարձաւ վանական միաբան: Անշուշտ, Դերենիկ Դեմիրճեանի խօսքին մէջ յստակ էր ա՛յդ իմաստը. «Երիտասարդ վանական եղբայրը, որ անձկութեամբ հետեւում էր հասակաւոր զօրականին, խիստ մտահոգ խօսեց», սակայն 1203 թուականին գրի առնուած յիշատակարանի մը մէջ կը կարդանք հոգեւոր եղբայրներուն դիմող ծերունի գրիչի մը աղաչական խօսքը. «Ո՜վ սուրբ եղբարք, աղաչեմ զձեզ / Արդ դուք եղբարք յիշեցէք զմեզ յաղօթս»: Երբեմն ալ զարմանքով, զայրոյթով գործածեցինք «եղբայր» բառը. «Սա ի՞նչ խայտառակ վիճակ է, եղբա՛յր»: Հակառակ իր յարգալիր դիրքին, օր եկաւ, երբ սիրահար քոյրը հրաժեշտ տուաւ եղբօր. «Մեր ու աղբեր թող տուի, իմ չինարի եարը, / Ես իմ սիրածին առի, դարդիման եարը»:
«Եղբայր» բառը, ի՜նչ եզակի եւ պատուաբեր երեւոյթ, անձնանուն է հայուն համար: Հայկական աշխարհի մէջ քիչ չեն Ախիներ, Ախիկներ, Ախիջաններ եւ Աղբրացներ, որոնք բուն կը նշանակեն «եղբայր»: Այդ այրերէն մէկը՝ Աղբայրիկ վարդապետը, ճարտարապետ էր, որ 1213-1232 թուականներուն կառուցեց Տեղեր վանքը:
Երբ եղբօր մասին խօսինք, կը գործածենք ջերմացնող, ընտանեկան եւ ընկերային սրբութիւններու ակնարկող արտայայտութիւններ. «Աւագ եղբայր», «Երէց եղբայր», «Կրտսեր եղբայր», «Հոգեւոր եղբայր», «Հարազատ եղբայր», «Աշխատաւոր եղբայր», մօտիկ ընկերներուն կ՛ըսենք «աղբեր տղերք», իսկ պատերազմի մէջ զոհուած զէնքի եղբայրներուն ընդհանուր գերեզմանը կը կոչենք «Եղբայրական գերեզման»: Թէեւ փափուկ է եղբօր սիրտը, բայց անիկա գիտէ խիստ ու պահանջկոտ ըլլալ. այդ ժամանակ կը զայրանայ ու ցոյց կու տայ – ներեցէ՛ք արտայայտութիւնս – «հինգ եղբայրները»:
Քանի՞ «եղբայր» ունի հայոց լեզուն: Յիսունէ աւելի: Ձեզ կը վստահեցնեմ, որ բոլորն ալ լաւ նկարագիր ունին եւ բարի համբաւի տէր են: Ընտանեկան այդ մեծ խմբանկարին պատկառելի անդամներն են՝ եղբայրաշունչ, եղբայրասէր, եղբայրաբաժին, եղբայրանոց (բնակարան հոգեւոր եղբայրներու, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ վանք), հարսնեղբայր, փեսեղբայր, արքաեղբայր, կաթնեղբայր: «…Ալագեազ սարն ամպել ա, / Աղբեր իր ձին թամփել ա»… Այդ ուրախ նկարին մէջ նկատեցի՞ք նախանձով եւ ատելութեամբ համակուած դէմքեր: Անոնք, ցաւօք, պատճառ եղան, որ ունենանք՝ եղբայրադաւ, եղբայրակուլ, եղբայրաջինջ, եղբայրասպան եւ եղբայրատեաց բառերը: Անոնց մասին գրական յիշատակութիւնները մինչեւ օրս կը մնան մատենագրութեան էջերուն մէջ: Ահա քանի մը վատահամբաւ օրինակներ. «Զեղբայրադաւ բռնաւորսն կերակրեցեր գիտութեամբ ճշմարտութեանն», «Ամենայն սպանող եղբայրասպան է», «Թշնամութիւնք եղբայրասպանութեան», «Զեղբայրատեացն մարդասպան կոչէ»: «Եղբայրասպան» բառը՝ իբռեւ ծաղիկի անուն, տեղ գտաւ նաեւ հայկական բուսաբանական բառարաններու մէջ, հետեւեալ մեկնաբանութեամբ. «Եւ այսպէս կոչուելուն պատճառ այն է կ՛ըսեն հին գիտունք, որ երբ նոր արմատ կամ ձու մի բուսանի՝ առջիններէն մէկն կու չորնայ»:
Մենք այսօր ըլլանք «եղբայրապաշտ» ու այս յօդուածի առաջին մասը աւարտենք մէկ այլ քաղցրաբոյր բառով՝ «եղբայրաշահ»: Թէեւ ժամանակավրէպ ածական է անիկա, սակայն ընտիր է եւ ունի վեհ իմաստ. «Այն մէկը, որ գիտէ եղբօր սիրտը շահիլ»: Այսօր, աւելի քան երբեք, հայ ազգը պէտք է անսայ հետեւեալ խրատին. «Երկայնամիտ (համբերող) լինել եւ եղբայրաշահ, ե՛ւ քաղցր ե՛ւ բարեսէր»: Ու վերջապէս, յարգելի ընթերցող, արտօնեցէք, որ հրաժեշտի երգն ալ նուիրեմ բոլոր եղբայրներուն. «Աղջի, անունդ Մայի, / Ճակատդ բոլոր շահի. / Մի պաչ կ՛ուզեմ, երկու տո՛ւ, / Աստուած աղբերդ պահի»: