ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Եւ ծնաւ «Հայբոտ»ը. ծնաւ այն օրերուն երբ համաճարակը վարակած էր աշխարհը եւ մեկուսացուցած իւրաքանչիւր անհատ իր տան չորս պատերուն մէջ, եւ առիթ տուած ինքնամփոփումի:
Տակաւին մինչեւ հիմա ականջիս մէջ կը հնչէ դրացիին ձայնը որ կ՛ըսէր.
– Հա, Լինտա՛ ըսէ՝ կը փաթթէ՜…. կը փաթթէ՜… ինչի չափ կ՛ըլլա՞յ….
– Ընկոյզի….կը պատասխանէի ես՝ անմեղ մանուկ, հազիւ 5-6 տարեկան, կրկին ու կրկին կը կրկնէի հեքիաթին այն մասը, որ մեր դրացին՝ տիկին Հռիփսիմէին հաճելի կը թուէր…. այո, ինծի պատմել կու տար պատմութիւնը, այն հեքիաթը, որ թէկուզ ինք պատմած էր ինծի, բայց ես մեծ հպարտութեամբ եւ եռանդով կրկին անգամ կը պատմէի…
Այս այն օրերն էին, երբ իմ սերունդս կ՛ապրէր հայրենիքէն աքսորուած մեծ ծնողներու եւ նոր երկրի մէջ տուն տեղ ըլլալ փորձող ծնողներու հետ:
Այս այն օրերն էին, երբ մեր խաղալիքները փայտէ տուներ, փայտէ ձի, կամ փողոցը մեր խաղցած գնդակով կը սահմանափակուէր…սակայն երբ տուն կը մտնէինք հոն կային մեր մեծ մայրերը, մայրերը, հօրաքոյրերն ու մօրաքոյրերը… անոնց խաղերն ու անվերջանալի հեքիաթները… մենք՝ փոքր երեխաներ, ուշադրութեամբ մտիկ կ՛ընէինք ապրշումի կծիկը, անխելք մարդը, շունն ու կատուն, եւ ամրան տաք կամ ձմրան պաղ օրերուն գիշերները հեքիաթներու ունկնդրութիւնը մեզ կը տանէր դէպի գեղեցիկ աշխարհներ եւ մեր երազները կը զարդարուէր աղայանի եւ թումանեանի հերոսներով:
Աւելի մեծնալով անոնք ընկերացան մեզի, մեր հետ յաճախեցին դպրոց, զարդարեցին մեր դպրոցական տժգոյն գիրքերը, գոյն ու երանգ տուին անոնց, անոնք` սոսկ հասարակ անուններ ըլլալէ դադրեցան, մեր առօրեայ կեանքէն ներս դարձան մէկական յատկանշական տիպարներ, Նազարը իր «քաջութեամբ», «Անբան Հուրին» իր ծուլութեամբ, «Կիկոսը» իր մահով… եւ ապրեցան մեր հետ ամէն տեղ, մինչ այդ երբ անմահ հերոսները մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս միս ու ոսկոր կը ստանային՝ մենք կը մեծնայինք սորվելով՝ լսել, խօսիլ, պատմել, նիստ ու կաց, վարուելակերպ, կը հասկնայինք տարբերութիւնը չարին ու բարիին, արդարին ու անարդարին՝ սիրելով պարիկը, ատելով կախարդը, թափառելով երկրէ երկիր Հազարան պլպուլը գտնելու կամ Գառնուկ աղբարին վերջը գուշակելու…
Այսպէս մեր միտքը այս հեքիաթներով զարգացաւ, հոգին զգացումներով հասունցաւ, անոնք մեզ ներշնչեցին ազգային ոգիիով, կերտեցին մեր նկարագիրը եւ մեզ լիցքաւորեցին ազգային արժէքներով, մեր ուղին հունաւորելով դէպի բարին ու գեղեցիկը, աշխատասէրն ու արդարը եւ մենք այս մթնոլորտի մէջ հասակ առինք՝ որպէս հայկական արժէքներու եւ սովորութիւններու գիտակից պատասխանատու հայ սերունդ:
Այսօր հեքիաթներով մեծցած սերունդս՝ մայրեր, մեծ մայրեր եւ ծնողք դարձանք, ստացանք մեր նախորդ սերունդէն իրենց ունեցած լաւագոյնը: Այսօր հերթը մերն է, արդե՞օք մենք կրցանք այդ ջահը փոխանցել մեր զաւակներուն, թոռներուն: Մեր տնտեսական եւ ընկերային պայմանները շատ աւելի բարելաւուած են, աշխարհ շատ աւելի յառաջացած է՝ գիտական եւ արհեստավարժական առումով, մեր երեխաներուն շռայլած ենք ամէն տեսակի բարիքներով, բայց որքանո՞վ մեզի աւանդ տրուած ազգային եւ մշակութային արժէքները կրցանք ներմուծել մեր յաջորդ սերունդին:
Յաճախակի այս մտորումներով միշտ ալ միտքս զբաղած է, յատկապէս երբ աշաերտներուս կը պատմեմ եւ պատմելով հետզհետէ աշակերտները հեքիաթներով ներշնչելու գաղափարը սկսաւ բիւրեղանալ, կենդանանալ մտքիս մէջ եւ յատկապէս 2020 տարուան անսովոր վիճակը՝ երբ համաճարակը մեզ մեկուսացուց տան չորս պատերուն մէջ, եւ առիթ տուաւ ինքնամփոփումի, հեռու լոս անճելըսեան թոհուբոհէն, գաղափարը ոչ միայն կենդանացաւ այլ եւ մարմին առաւ, այլ խօսքով ծնունդ առաւ «Հայբոտ»ը:
Մեկնելով podcast-ի ծրագրէն, այս աշխատութիւնը կոչուեցաւ «hyepod»՝ հայկական հեքիաթներ պատմող ծրագիր:
Ունի իր կայքէջը, ուր անդամագրուելով կարելի է լսել պատմութիւնները, նաեւ YouTube-ի, Podcast-ի եւ Apple podcast-ի ծրագիրներու վրայ լսել զանոնք, նկատի առած, որ կարգ մը երկիրներու համար ամէն կայքէջ հասանելի չէ:
«Հայբոտ»ի առաջին շրջանը սկսաւ 2021տարուան առաջին օրը, որպէս Նոր Տարուան նուէր, աշխարհի բոլոր հայ երեխաներուն, թողարկումները կ՛ըլլան երկշաբաթական դրութեամբ. ցարդ թողարկուած են 5 հեքիաթներ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ տարուան վերջը պարբակելով մօտաւորապէս 20-25 հեքիաթներ:
Հեքիաթները խմբագրողն ու պատմողը Լինտա Գանտիլեանն է:
«Հայբոտ»ին արհեստագիտական բոլոր աշխատանքները իրականացնողն է՝ Ռեբեքա Գանտիլեան, որ նաեւ եղաւ մղիչ ուժը այս ծրագրին՝ դրսեւորելով իր նախանձախնդրութիւնը օտար հեքիաթասացներու կողքին տեսնելու եւ տարածելու հայկական հեքիաթները, podcast-ի վրայ, հաւատալով արեւմտահայերէնը առօրեայ խօսակցական լեզու պահելու կարեւորութեան:
«Հայբոտ»ի մուտքի երաժշտութիւնը յօրինեց Աւետիս Օհանեան, որ միաժամանակ կը ձեւաւորէ հեքիաթասացութեան ընկերակցող երաժշտութիւնը:
«Հայբոտ»ի ծնունդն ու թողարկումը որպէս ձրիօրն տրամադրելի արեւմտահայերէնի աղբիւր՝ կ՛ենթադրէր նիւթական ներդրում, որուն գնահատանքով ու մեծ խանդավառութեամբ իր մասնակի հովանաւորութիւնը բերաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որ անուրանալի եւ գործնական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ արեւմտահայ լեզուն վառ պահող ամէն տեսակի ծրագիրներուն:
2020ին աշխարհի պայմանները մեծամասնութեամբ փոխուեցան ակնթարթի մը մէջ երէկուան դպրոցի մէջ հանգստաւէտ պայմաններ ունեցող աշակերտի կեանքը փոխուած է պատերազմներու, անոր հետեւանք՝ գաղթերու, թագաժահրի եւ տակաւին անոնց բերած այլազան հետեւանքներու պատճառով, որուն կը հակազդէ նոր սերունդը տարբեր եւ տարօրինակ դրսեւորումներով:
Եկէք հին օրերու նման դարձեալ արտօնենք որ հայկական հեքիաթը ըլլայ մեր երեխաներու եւ պատանիներու անուղղակի առաջնորդողը, վերադառնանք այդ գեղեցիկ աշխարհը դարձեալ մեր թոռները զբաղեցնենք հեքիաթներով, ներշնչենք անոնց հայ հոգիով, սովեցնենք անոնց հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները եւ բարի պարիկը կրկին իր կախարդական գաւազանով քուն տայ մանուկներուն եւ երեւակայութիւն մատղաշ սերունդին:
Լսենք՝ Լինտան կը պատմէ… (www.hyepod.com)