ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցին նախաձեռնած՝ Strength in Numbers ծրագիրին ի նպաստ վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին տեղի ունեցած են դրամահաւաքի շարք մը ձեռնարկներ՝ օժանդակելու համար գլխաւորաբար Արցախէն տեղահանուածներուն եւ վիրաւորուած զինուորներուն։
Արհեստավարժներու ցանցի ատենապետ Ալինա Սարգիսեան կը յայտնէ, թէ Արցախի նորագոյն պատերազմին կազմակերպութիւնը կատարած է մարդասիրական ջանքեր, նպատակ ունենալով աջակցիլ պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն։
Նշեալ ձեռնարկներուն շնորհիւ կարելի եղած է գոյացնել մօտաւորապէս 4000 տոլար գումար մը, որ տրամադրուած է ՀՕՄին, Project Hope Armenia-ին եւ Armenian Wounded Heroes Fund-ին։
Արհեստավարժներու ցանցին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.facebook.com/ANCAProfessionalNetwork կայքէջը։