ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ «բաւական գոհ» է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Արեւմուտքի նկատմամբ դիրքորոշումը մեղմացնելու եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու ցանկութենէն:
«Այժմ յոյս ունիմ, որ Լիպիայէն թուրք զինուորները դուրս պիտի բերուին, եւ Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ արդիւնքներ պիտի ունենանք», ըսաւ Մաքրոն: