ՌԻԱՏ.-Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան ալ Սէուտ անցեալ Նոյեմբերին յայտարարած էր, որ թուրք-սէուտական յարաբերութիւնները բարեկամական են, իսկ պատժամիջոցներու մասին լուրերը՝ կեղծ: Սակայն քանի մը միլիոն տոլարի հասնող թրքական ապրանքներ արդէն երեք ամիսէ ի վեր մնացած են սահմանին վրայ, իսկ թագաւորութեան մէջ թուրք պաշտօնատարները չեն կրնար հարցին լուծում գտնել:
Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիոյ Առեւտրական պալատը կոչ ուղղած էր պոյքոթի ենթարկելու թրքական բոլոր ապրանքները, իսկ անկէ ետք երկիրին գահաժառանգը՝ Մուհամմատ պըն Սալման իշխանը, քաղաքացիներուն կոչ ուղղած էր՝ հրաժարելու Թուրքիոյ մէջ իրենց ունեցած անշարժ կալուածներէն: