ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու քիւրտ զինեալներուն՝ հակառակ Թուրքիոյ առարկութեան, յայտարարեց Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ:
Դիւանագէտը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գործունէութեան նիւթին, ինչ որ կը յառաջացնէ Թուրքիոյ ղեկավարութեան դժգոհութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը չէ փոխուած: Մենք կը շարունակենք յաղթահարել Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքը։ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը մենք կը շարունակենք աշխատիլ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ», ըսաւ Սաթըրֆիլտ:
«Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ իսլամ ծայրայեղականներուն սպառնալիքը գոյութիւն ունի:
«Սուրիոյ մէջ մեր ներկայութիւնը փոքր է, եւ կեդրոնացած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ գործակցութեամբ», միւս կողմէ յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Փենթակոնի, բանբեր Ճան Քըրպի: