ԱԹԷՆՔ.- Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուող հայորդիներու վերադարձի հարցը ամէնէն կարեւոր եւ արագ լուծում պահանջող հարցերէն մէկն է, որուն լուծման համար ջանքեր կը գործադրուին համադրաբար: Այս իմաստով, Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը վերջերս նամակներ ուղարկեց Յունաստանի Նիքոս Տենտիասին, ինչպէս եւ Հելլէն խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Գոսթաս Կիւլեքասին եւ 52 անդամ-երեսփոխաններուն, իրենց նկատողութեան յանձնելով հարցին կարեւորութիւնը եւ շեշտելով արագ միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նամակին զուգահեռ, խորհրդարանի անդամներուն տրամադրուեցան նաեւ Ատրպէյճանի ապօրինի արարքներուն վերաբերեալ փաստաթուղթերու թղթածրար մը եւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցին անգլերէն տարբերակը: