ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ կողմերը քննարկեցին 9 Նոյեմբեր 2020ի համատեղ յայտարարութեան կէտերու իրականացման ընթացքը: Մասնաւորաբար ընդգծուեցաւ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու շուտափոյթ վերադարձի կարեւորութիւնը: Հայկական կողմը մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ատրպէյճան լիարժէք կերպով չի կատարեր միացեալ յայտարարութեան տուեալ կէտի պահանջները:
Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի հարցերը եւ դաշնակցային փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ուղիները: