ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազատութեան հրապարակին վրայ, 17 փետրուարին, քաղաքացիներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեան վտանգաւոր դարձած է Հայաստանի ապագային համար՝ դիտել տալով, որ ան ուժասպառ ձեւով կը փորձէ ամէն գնով իշխանութիւն պահել, ո՛չ յարգանք ունի ժողովուրդին կողմէ, ո՛չ յարգուած է արտաքին աշխարհին կողմէ։ Ըստ անոր՝ Փաշինեան ոչ մէկ օգուտ ունի Հայաստանի համար, իսկ անոր ամէնէն հայրենասիրական քայլը պիտի ըլլայ կամովին հեռանալը։
«Հասարակութեան մէջ ցանկացած ղեկավարի դէպքում կը լինեն մարդիկ, որ յարգանքով են վերաբերում: Բոլոր արուեստագէտները, գիտնականները այն մարդիկ, որոնք ամէն ինչ հասկանում են որեւիցէ յարգանք իր հանդէպ չունեն, իսկ ժողովուրդն էլ նրա ղեկավարման տարիներին աւելի լաւ չի ապրել եւ Նիկոլը պատասխան է տալու այս ամէն ինչի համար, բայց լինելու է երկու դատ. առաջին դատում պատասխան է տալու կոռուպցիայի համար, որ երկիրը խրեց այն կոռուպցիայի մէջ, որի դէմ պայքարում էր, երկրորդը` պատերազմի դաւաճանութեան համար», ընդծեց ան:
Մանուկեան նշեց, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի ժամանակաւոր դադարը օգնեց, որ ժողովուրդի որոշ հատուածներ հասկնան, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ կը գտնուին: Ըստ անոր՝ ժողովուրդը կ՛ուզէ գիտնալ, թէ իշխանութեան փոփոխութենէն ետք կարելի՞ է ոտքի կանգնիլ եւ մէկ տարի ետք ձեւաւորուած իշխանութիւնը պիտի կարենա՞յ արդեօք իրականացնել իրենց յոյսերը: