ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Կիրակի, 21 Փետրուարին, ՀՄԸՄի ընտանիքը կորսնցուց միութեան կարեւոր դէմքերէն վաստակաշատ եղբայր Ժագ Պոյաճեանը:
Աւելի քան 70 երկար տարիներ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին ծառայած եւ իր ամբողջ կեանքը միութեան նուիրած 90ամեայ Պոյաճեան այս աշխարհէն կը հեռանայ` իր ետին ձգած քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներ, նկատի ունենալով, որ ան դաստիարակած է սերունդներ` անոնց մէջ դրոշմելով ՀՄԸՄականի ոգին:
Ան եղած է պասքեթպոլիստ, ֆութպոլիստ, վարչական պատասխանատու, Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան անդամ եւ անոր հիմնադիրներէն մէկը, ՀՄԸՄի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ, ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Ծառայութեան» եւ «Արժանեաց» շքանշանակիր:
Նշենք, որ անոր մահուան առիթով անոր ընտանիքին ցաւակցութիւն յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը: