ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, 6 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, անկախ քաղաքական մեկնաբան եւ «Սիվինեթ»ի նախկին լրագրող Թաթուլ Յակոբեան պիտի խօսի «44 օրեայ աղէտը․ ինչո՞ւ այդպէս եղաւ» նիւթին մասին, որ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատռպէյճանի եւ Թուրքիոյ անցեալ տարուան յարձակումին կը վերաբերի։
Թաթուլ Յակոբեան նաեւ վարիչն է «Անի» ուսումնասիութեան կեդրոնին եւ հեղինակած է երեք հատորներ։
Առցանց քննարկումը կազմակերպուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին եւ ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղին միացեալ ջանքերով։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ կայքէջը։