Իտալիոյ Վերոնա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի բնակչութեան եւ կոչ ըրաւ քաղաքապետին՝ իտալական կառոյցներէն պահանջելու Արցախի Հանրապետութեանը ճանաչումը:
«Անցնող ամիսներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը զոհ դարձաւ սարսափելի զինուած հակամարտութեան, որ կ՛իրականացուէր Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ՝ թրքական բանակի եւ իսլամ ծայրայեղական վարձկաններու աջակցութեամբ», նշեց Ալպերթօ Զելկեր՝ ընդգծելով, որ եկած է ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը կեանքի կոչելու ժամանակը: